Մէկէ աւելի լրատուական աղբիւրներ լուր տարածած են այն մասին, որ Ռուսական ուժեր կը պատրաստուին ուժեղ հարուած մը տալ եւ «ծունկի բերել» Հալէպի Արեւելեան շրջաններուն մէջ դիրքաւորուած ընդդիմադիրները: Այս մասին մասնաւորապէս գրած է բրիտանական «Թայմզ»ը, որ յղում ընելով Մեծն Բրիտանիոյ գաղտնի սպասարկութեան բարձր պաշտօնեայի մը ըսած է, թէ Ռուսիոյ նախագահը մտարիր է այդ ծանր հարուածը կատարել Ամերիկայի նախագահական ընտրութեանց օրը, այսինքն 8 նոյեմբերին: Աղբիւրը նաեւ նախատեսած է, որ հարուածին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ ռուսական «Քուզնեցով» օդանաւակիրը, որուն հզօրութեան մասին տարբեր հեղինակաւոր պարբերականներ տասնեակ նիւթեր հրապարակած են:
«Թայմզ» նաեւ չի թաքցներ, որ ռուսական ծանր հարուածին հետեւանքով հարիւրաւոր քաղաքացիներ զոհուին:
Այս բոլորին համընթաց ռուս մէկէ աւելի զինուորական վերլուծաբաններ կը հերքեն այս լուրերը եւ «Քուզնէցով»ի ու այլ մարտանաւերու «տաք ջուրերու»ն մէջ գտնուիլը՝ ռուսական զօրքերու բնականոն գործունէութեան կը վերագրեն: