Հալէպի քրիստոնէաբնակ շրջաններէն Ալ-Ազիզիյէ թաղամասին մէջ հրդեհ բռնկած է: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն:
Փոխանցուած տեղեկութեան համաձայն, հրդեհը պատահած է «Ալ-Զահրաա» շարժապատկերի սրահին մօտակայքը: Հրդեհի պատճառներու մասին ցարդ տեղեկութիւններ չեն հաղորդուիր:
