«Արեւելք»ի աղբիւրին փոխանցմամբ Հալէպի հայկական շրջանները այսօր դարձեալ ծանրօրէն հրթիռարձակուած են: Հրթիռներ ինկած են յատկապէս Վիլլաներ, Նոր Գիւղ եւ այլ շրջաններու վրայ: Մեր աղբիւրին փոխանցմամբ, հրթիռարձակումներուն հետեւանքով զոհուածներուն մէջ կան հայեր, որոնց ինքնութիւնը ցարդ չէ ճշդուած: Հրթիռներ ինկած են Մազլումեան հիւանդանոցի թաղամասին մէջ գտնուող նպառավաճառ Շանոյեանի վաճառատան մօտ ու հոն նոյնպէս արձանագրուած են հայ զոհեր եւ վիրաւորներ: Մեր աղբիւրը կը փոխանցէ, թէ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մօտ եղող բնակարանի մը վրայ ինկած հրթիռը պատճառած է հայ զոհեր: Հալէպի հայկական թաղամասերը անգամ մը եւս յայտնուած են պատերազմական ծանրագոյն իրավիճակի մը մէջ: