Տահէշ (ISIS) ահաբեկչական խմբաւորումը փակեց Հալէպի միակ ցամաքային ճանապարհը: Այս մասին տեղեկութիւն փոխանցող աղբիւրներ նաեւ կը նշեն, թէ Տահէշ խմբաւորումը յաջողած է երեք կարեւոր կէտեր իր տիրապետութեան տակ առնել Աթրիպա շրջանին մէջ: Յիշեցնենք, որ Խանասէր- Հալէպ ճանապարհի փակումէն ետք Հալէպ դարձեալ կը յայտնուի կղզիացած իրադրութեան մը մէջ: Ամիսներ առաջ Սուրիոյ բանակը ծանր մարտեր մղելէ ետք յաջողած էր վերաբանալ Հալէպի հիմնական ճանապարհ համարուող Խանասէրի մայրուղին: