image

Հալէպ Դարձեալ Կղզիացած. Տահէշի Զինեալներ Փակեցին Խանասէրի Գլխաւոր Ճանապարհը

Հալէպ Դարձեալ   Կղզիացած. Տահէշի Զինեալներ Փակեցին  Խանասէրի  Գլխաւոր Ճանապարհը

 Տահէշ  (ISIS) ահաբեկչական  խմբաւորումը   փակեց  Հալէպի միակ  ցամաքային ճանապարհը: Այս  մասին  տեղեկութիւն  փոխանցող աղբիւրներ նաեւ կը նշեն, թէ  Տահէշ խմբաւորումը      յաջողած է        երեք  կարեւոր կէտեր իր տիրապետութեան տակ առնել  Աթրիպա   շրջանին  մէջ:   Յիշեցնենք, որ   Խանասէր- Հալէպ ճանապարհի  փակումէն ետք  Հալէպ  դարձեալ   կը յայտնուի կղզիացած իրադրութեան  մը մէջ:  Ամիսներ առաջ Սուրիոյ բանակը  ծանր  մարտեր մղելէ ետք յաջողած էր  վերաբանալ Հալէպի    հիմնական ճանապարհ համարուող     Խանասէրի մայրուղին: