image
Հրատապ լուրեր:

Հակառակորդը կրակ բացած է Մովսէս գիւղի ուղղութեամբ.armradio

Հակառակորդը կրակ  բացած է Մովսէս գիւղի ուղղութեամբ.armradio

Երեւելի լարուածութիւն գրանցուած է Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանային   գիծին վրայ: Այս մասին կը տեղեկացնէ  Armradio-ն: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ այսօր յետմիւօրէին ազրպէյճանական ուժեր կրակ բացած են Տաւուշ մարզի   Մովսէս  սահմանային գիւղին ուղղութեամբ: Տեղեկութիւնը հաստատուած  է    գիւղապետ Արարատ Աւալեանի կողմէ, որ նաեւ ըսած է, թէ այսօր թշնամին կրակ բացած է  գիւղի դպրոցին մօտ եղող մարզադաշտին  վրայ, ուր  գտնուած են երեխաներ: Բարեբախտաբար զոհեր չկան: Գիւղապետը նաեւ ըսած է, թէ երէկ     հակառակաորդը,  նոյնպէս կրակ բացած էր գիւղին մէջ եղող   հայկական բանակի դիրքերուն ուղղութեամբ: