Հակառակորդը 28 փետրուարին, կրակ բացած է Տաւուշի մարզի Կոթի գիւղի վրայ։ Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Կոթիի վարչական ղեկավար Ֆելիքս Մելիքեանը։
Անոր խօսքով՝ կրակոցները եղած են կէսօրուն մօտ. «Յստակ ժամ չեմ կրնար ըսսել, բայց մօտաւորապէս 12–ի կողմերը։ Աշխոյժ կրակոցները տեւած են մօտ կէս ժամ, իսկ հատուկենտ մօտ մէկ ժամ։ Եղած է եւ գիւղի, եւ դիրքերու ուղղութեամբ։ 1 ժամ անց կրակոցները դադրած են»:
Մելիքեանի խօսքով՝ տուժածներ եւ գոյքային վնաս կրողներ չկան. «Վնասներու մասին այս պաին ոչ մէկ տեղեկութիւն չեն յայտնած, մարդկային վնասներ չունինք։ Կը կրակեն, կամ պատին կը դպնայ, կամ այլ տեղեր, մեծ գիւղ է»։