image
Հրատապ լուրեր:

Հակառակորդը 300 կրակոց արձակած է Մարտունիի եւ Մարտակերտի ուղղութեամբ

Հակառակորդը 300 կրակոց արձակած է Մարտունիի եւ Մարտակերտի ուղղութեամբ

Ղարաբաղա-ազրպէյճանական շփման գծի վրայ հակառակորդը շարունակած է խախտել հրադադարի պայմանաւորուածութիւնը՝ հայկական դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով  շուրջ 300 կրակոց: Այս մասին կը տեղեկացնէ ԼՂՀ  ՊՆ  մամլոյ ծառայութիւնը: Կրակոցները մեծամասնութեամբ կեդրոնացած եղած են Մարտունիի եւ Մարտակերտի պաշտպանական կէտերու ուղղութեամբ, օգտագործելով տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներ եւ դիպուկահար հրացաններ (20 կրակոց):