30 Մայիսին, մանրակրկիտօրէն հականեխուած են Պաշտպանական Բանակի զօրանոցները, բուժկէտերը, կենցաղային եւ այլ նշանակութեան շինութիւնները:
նշենք, որ առողջապահական օրուայ ծիրէն ներս կատարուող հականեխման ու կանխարգելիչ գործընթացները, որեւէ առնչութիւն չունին անվտանգութեան ապահովման այն համալիր միջոցառումներուն հետ, որոնք պարտադիր են Պաշտպանական Բանակի բոլոր զինծառայողներուն համար եւ կը կրեն օրական բնոյթ:
Անոնց շնորհիւ առայսօր կրցած են խուսափիլ Պաշտպանական Բանակին մէջ նոր «Քորոնա» ժահրի ներթափանցման դէպքերէն եւ միեւնոյն ժամանակ կեանքի կոչել այն բոլոր միջոցառումները, որոնք նախատեսուած են բանակային ընթացիկ ուսումնական տարուայ պատրաստութեան ծրագիրով: