Սուրիոյ նախկին նախագահ Հաֆէզ Ասատի նախագահական նստաշրջանի ամբողջ ընթացքին ուղեկցած յանձնաժողովը, որ ներկայիս անոր ճառերն ու ստեղծագործութիւնները հաւաքագրելով կը զբաղի, յայտնած է, որ Ասատ հարիւրաւոր բանաստեղծական եւ արձակ գեղարուեստական ստեղծագործութիւններ ձգած է, որոնք իր ձեռագրով պահուած են ապահով ու անվտանգ վայր մը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:
Յանձնաժողովը հաւաքածագրած է նաեւ այն գիրքերը, զորս 18 տարեկանէն մինչեւ իր մահը ընթերցած է Հաֆէզ Ասատ, եւ որոնց թիւը կազմած է 17,812 գիրք պատմութեան, աշխարհագրութեան, միջազգային քաղաքականութեան, փիլիսոփայութեան, հասարակագիտութեան, ժողովուրդներու պատմութեան վերաբերեալ:
Աղբիւրին փոխանցմամբ, Հաֆէզ Ասատի ընթերցասիրութեան մասին գիրէին բոլորը, այն աստիճան, որ երբ միջազգային ակնառու դէմքեր երբ այցելութեան կու գային անոր, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ նախագահ Քլինթըն ամէն անգամ որ կը հանդիպէին անոր հետ Ժնեւի մէջ, Ամերիկայի մէջ լոյս տեսած վերջին հինգ գիրքերը կը նուիրէր, իսկ նախագահական պալատի թարգմանիչներու խումբը նախագահին ընթերցելիք բոլոր գիրքերը տարբեր լեզուներէ արաբերէնի կը թարգմանէր:
Կեանքի վերջին երկու տարիներուն, երբ հիւանդութիւնը սաստկացած էր, Ասատ իր մտերիմ Ճուպրան Քուրիէին կը խնդրէր նստիլ կողքը եւ իրեն համար գիրքեր կարդալ: