image
Հրատապ լուրեր:

Գումբուրդո գիւղի բնակիչները բողոքի ելած են գիւղի դպրոցի տնօրէնին դէմ

Գումբուրդո գիւղի բնակիչները  բողոքի  ելած են   գիւղի դպրոցի տնօրէնին դէմ

Ախալքալաքի Գումբուրդո  գիւղին  մէջ   լարուածութիւն   ստեղծուած է։ Հարցը  կապ ունի  դպրոցի  տնօրէնին  հետ եւ  դպրոցի ծնողները կը պահանջեն տնօրէն Արմէն Փոլորչեանի հրաժարականը։ Ծնողներու ու գիւղի հասարակ բնակիչներու խօսքերով տնօրէնը քանի մը մարդոց անուններով հաւաքարարի համար նախատեսուած աշխատավարձեր գրած է եւ գործի տեղեր ստեղծած է, որոնք իրականութեան մէջ չկան տուեալ ոլորտին մէջ։ Սակայն աշխատավարձերը պարբերաբար դուրս գրուած են։ Ծնողները նաեւ կը բողոքեն, որ պետական քննութիւններու ժամանակ աշակերտները դժուարին վիճակի մէջ յայտնուած են, ինչը եւս կը վկայէ տնօրէնի անտարբերութեան մասին։

 Իր  կարգին  գիւղի լիազօր ՝Արթուր Կուրղինեանի խօսքերով իրենք այդ հարցին հետ կապուած դիմած են Կրթութեան եւ ագիտութեան նախարարութեան, սակայն դեռ այնտեղէն պատասխան չեն ստացաած։ «Այն ինչ կը խօսուի ու կ'ըսուի մարդոց կողմէ ճիշդ է։ Մարդոց անունով փողեր դուրս գրուած են, որոնք իրականութեան մէջ չեն աշխատաղ տուեալ ոլորտին մէջ»,-կ'ըսէ Արթուր Կուրղինեանը։

Ան վստահեցուցած է, որ անձնական ոչինչ կայ տնօրէն Արմէն Փոլորչեանի դէմ եւ նոյնիսկ մարդիկ առաջարկած են, որ ան տնօրէնի պաշտօնէն հեռանալով մնայ նոյն դպրոցին մէջ որպէս ուսուցիչ։

 

 

 Լուրը Akhaltska.net կայքէն