image

Գիւղական Օրագիր. Գիւղ Ուշի

Գիւղական Օրագիր. Գիւղ Ուշի

Ուրբաթ, 1 Սեպտեմբեր, 2017

Հոս այս օրը կը նկատուի աշնան առաջին օրը։ Նաեւ գիտութեան օրն է։ Բայց մանաւանդ վերամուտ է։ Ըստ մեր սովորութեան առաւօտուն մեր գիւղի Նիկոլ Աղբալեանի անուան դպրոցն ենք, ներկայ ըլլալու վերամուտի արարողութեան։ Մեր հետ են նաեւ թորոնթոցի Այտան եւ Արմէնը։ Այտան առաջին դասարանցիներուն գրենական պիտոյքներ բերած է Թորոնթոյէն։ Գրչատուփերուն վրայ գրուած է դպրոցի անունը։ Կանուխէն հարցուցած էր առաջին դասարանցիներու թիւին մասին եւ այս ամէնը պատրաստած։ Բացառաբար մեր հետ է նաեւ նախկին լոսանճելեսցի այժմ երեւանցի Յակոբը։

 

Արարողութիւնը միշտ նոյնն է։ Կը սկսինք Հայաստնի օրհներգով, որ կը հնչէ բարձրախօսներէն, սակայն անոր ընկերանալով երգելու սովորութիւնը տակաւին տեղ չէ գտած։ Միայն մենք, նախկին սփիւռքահայերս կ'ընկերակցինք անոր։ Կը կարդացուի մարզպետի խօսքը, ապա զինուորական մը խօսք կ'առնէ, ինչպէս նաեւ Մարգարը։ Կը բաժնուին անցեալ տարեշրջանի գերազանցիկ աշակերտներու պատուոգրերը եւ ապա, առաջին անգամ դպրոց եկող առաջին դասարանցիները, իրենցմէ մեծ ծաղկի կողովներ շալկած կը մտնեն դպրոց։ Կը հետեւինք առաջին դասարանցիներուն, որոնք այս տարի թիւով 16֊ն են եւ Արմէնն ու Այտան կը բաժնեն իրենց բերած նուէրները։ Կը հաւաքուինք ուսուցչարանին մէջ եւ բաժակ կը բարձրացնենք յաջող ուսումնական տարի մը բոլորելու համար։

 

 

Այսօր Հիլտային հիւրերն ենք։ Օրը կ'անցընենք Արմէնին, Այտային եւ Յակոբին հետ։

Լուրերէն կ'իմանամ, որ այսօր Հայաստանի տարածքին 40,000 առաջին դասարանցիներ սկսած են դպրոց յաճախել։ Ինը դպրոց առաջին դասարանցի չէ ունեցած եւ 13 դպրոց փակուած է... Արցախի մէջ, 2500 առաջին դասարանցիներ սկսած են դպրոց յաճախել։

Այս տարուանէն սկսեալ, 12 տարի դպրոց յաճախելը դարձաւ պարտադիր։ Եթէ չեմ սխալիր, մինչեւ հիմա ինը տարին պարտադիր էր։

Վերամուտի կողքին, այսօրուան գլխաւոր լուրերու կարգին է, Վարդենիս֊ Մարտակերտ նոր ճանապարհի պաշտօնական բացումը։ Երկու հայկական հանրապետութիւննեու նախագահները ներկայ եղած են արարողութեան։ Այս ճանապարհը  որ զիրար կը կապէ երկու հանրապետութիւնները, կառուցուեցաւ համայն հայութեան նուիրատուութիւններով, 2013֊ին եւ 2014-֊ին «Հայաստան» հիմնադրամի թելեթոններու ընթացքին նուիրաբերուած գումարներով ինչպէս նաեւ զոյգ հանրապետութիւններու կառավարութիւններու տրամադրած միջոցներով։ 

 

 

Շաբաթ, 2 Սեպտեմբեր, 2017

Այսօր կը նշուի Արցախի Հանրապետութեան 26-֊երորդ տարեդարձը։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը Ստեփանակերտ կը գտնուի այս առիթով, մասնակցելու կազմակերպուած տօնական միջոցառումներուն։ Երկու նախագահները Վերածնունդի հրապարակէն հանդիսաւոր քայլերթով գացին դէպի Ստեփանակերտի յուշահամալիրը եւ ծաղկեպսակներ դնելով յարգանքի տուրք մատուցեցին Արցախի անկախութեան համար զոհուածներու յիշատակին։

Այս առիթով կազմակերպուած տօնական ընդունելութենէն ետք, նախագահները ներկայ եղան Վերածնունդի հրապարակին մէջ տեղի ունեցած տօնական համերգին։

Երեւանի մէջ այս առիթով հրապարակուած ուղերձներու պակասը չկար, սակայն ժողովրդային միջոցառումներու մասին չլսեցի։ ՀՅԴ֊ն Եռաբլուրի մէջ նշեց զայն 100֊է աւելի նորագիրներու երդման արարողութեամբ։

Կիրակի, 3 Սեպտեմբեր, 2017

Թորոնթոցի Այտային եւ Արմէնը փափաք յայտնած էին Ապարան այցելել։ Այսօր մեզի կու գան, որ միասին երթանք։ Ճամբան կ'որոշենք մտնել Արագած գիւղը, ուր լաւ ճաշարանի մը գոյութեան մասին լսած ենք։ Կը գտնենք Արագած հիւրանոցը, որ կը զարմացնէ մեզ։ Ան հինգ աստղանի է։ Աւելի ուշ կ'իմանանք, որ ան կ’օգտագործուի Արագած լեռը մագլցողներու կողմէ։ Համացանցին վրայ անոր օտարներու կողմէ գնահատակնները շատ դրական են։  Արագած ճաշարանը անկէ փոքր հեռաւորութեան վրայ է։ Կանաչազարդ, բացօդեայ տաղաւարներով գողտրիկ անկիւն մըն է։ Ճաշերն ալ համադամ են։ Այս միջոցին կը սկսի թեթեւ անձրեւել։ Հակառակ, որ մտադիր էինք ճաշէն ետք փնտռել այս գիւղերու մայրանոց֊ հիւանդանոցը, որ նորոգուած էր լուսահոգի թորոնթոհայ Նանիկ Արթինեանին կողմէ, իր վաղամեռիկ տղուն` Յակոբին յիշատակին եւ որուն բացման արարողութիւններուն ներկայ եղած էր Մարգարը, սակայն անձրեւի պատճառաւ կը հրաժարինք եւ կ’ուղղուինք Ապարան։

Վերադարձի ճամբուն վրայ եղանակը աւելի բարենպաստ է, ուստի կրկին կը մտնենք Արագած գիւղը եւ կը գտնենք մայրանոց֊-հիւանդանոցը։ Օրը Կիրակի ըլլալուն, միայն երկու բուժքոյրեր կը հերթապահեն։ Մէկ նոր ծննդաբերած կին եւ իր նորածին աղջիկն ալ մայրանոցի (հոս պիտի ըսէին ծննդատուն) սենեակներէն մէկուն մէջ են։ Դժբախտաբար, 13 տարի առաջ վերանորոգուած այս շէնքը շատ տխուր վիճակի մէջ է։ Յայտնի է, որ վերանորոգումէն վերջ, պահպանելու ոչ մէկ աշխատանք տարուած է։ Տանիքը կը կաթի... Պատերը բորբոսած են... կահոյքը հինցած։ Կեդրոնական ջեռուցում չկայ։ Կը բացատրեն, որ քանի մը ելեքտրական շարժական սարքերով կը ջեռուցեն ուր որ հարկ է... Նորոգութեան այսքան արագ փճացման պատճառները բազմաթիւ կրնան ըլլալ։ Շէնքը հին է եւ խոնաւ, կամ նորոգողները անորակ գործ կատարած են եւ մանաւանդ պահպանելու աւանդոյթ չկայ։ Այս տխուր պատկերին ուրիշ անգամ ալ ականատես եղած ենք։ Համայնքները տէր չեն ելլեր իրենց հաստատութիւններուն, միշտ ակնկալելով, որ ուրիշ մէկը պիտի ստանձնէ զանոնք բարւոք պահելու պատասխանատուութիւնը... Հաճելի այս օրը մեզի համար կը վերջանայ, տխուր... Մեծ գումարներու կարիքը կայ այս շէնքը կրկին վերանորոգելու համար...

 

Այս երեկոյ մեզի այցելութեան կու գան հարեւան Արտաշը եւ իր ընտանիքը։ Շաբաթ մըն է Արտաշը կը գտնուէր Ջերմուկ, Ամուլսարի ոսկիի հանքի օգտագործման նախապատրաստական աշխատանքներուն մասնակցելու, իր բեռնատարով։ Զարմանքով եւ հիացումով կը պատմէ, աշխատանքի պայմաններուն մասին։ Ամբողջ օր մը հետեւած են դասընթացքներու, իրենց վարուելակերպի եւ աշխատանքի կանոնները հասկնալու համար։ Իրաւունք չունին նոյնիսկ օձերը սպաննելու։ Կենդանական աշխարհի ներկայացուցիչները խնամքով կը փոխադրուին ապահով տարածքներ։ Բնապահպանները տեղւոյն վրայ կը հսկեն եւ առիթով մը իրենց փոխադրած հողը կրկին այլ տեղ փոխադրել տուած են... Լաւ կը վճարուին, լաւ կը սնուին եւ ամէն ինչ իտէալական է, կ’ըսէ ան։ Միակ խնդիրը իր ճնշումն է, որ Ամուլսարի ծովի մակերէսէն բարձրութեան պատճառով (2987 մեթր) չափազանց կը բարձրանայ... Կ’ըսէ, որ Հայաստանի զանազան կողմերէն եկած շուրջ 150 վարորդ կ’աշխատի այնտեղ։ Ոմանք, քանի մը օր ետք ստիպուած հրաժարած են աշխատանքէն, իրենց ճնշումի պատճառաւ։ Կը թելադրենք, որ բժիշկի երթայ... Վաղը կը վերադառնայ Ջերմուկ։

Ամուլսարի հանքը վերջերս անդադար լրատուամիջոցներու ուշադրութեան առարկան է։ Բնապահպանները կործանարար կը նկատեն զայն։ Կը խօսուի Ջերմուկի առողջարանային քաղաք ըլլալէ դադրելու մասին, հանքափորութեան որպէս արդիւնք փոշիի պատճառաւ, ստորերկրեայ հանքային ջուրերու որակի փոփոխութեան մասին, կենդանական եւ բուսական աշխարհին պատճառուելիք վնասներու մասին, մօտակայ գիւղերու անասնապահական աշխատնքներուն հասցնելիք վնասներուն մասին, նոյնիսկ Սեւանայ լճին վրայ անոր բացասական ազդեցութեան մասին։ Լիդիան Արմենիա (Lydian Armenia) ընկերութիւնը, որ 100 տոկոսով կը պատկանի Lydian International ընկերութեան, ոսկիի արդիւնաբերութեան կազմակերպութիւն մըն է, որ ըստ պրպտումներուս անգլիական կը թուի ըլլալ եւ անոր բաժնեթուղթերը կը վաճառուին Թորոնթոյի սակարանին մէջ։ Սկսնակ ընկերութիւն մը կը թուի ըլլալ, Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ հանքարդիւնաբերական իրաւունքներով։ Այս բնագաւառին մէջ անգիտութեանս պատճառաւ ինծի համար դժուար է կողմնորոշուիլ։ Հարիւրաւոր ընտանիքներ յաջորդ տասէ աւելի տարիներուն պիտի նպաստաւորուին, միւս կողմէն, արդեօ՞ք բնապահպաններուն բարձրացուցած հարցերը ճշմարիտ են թէ ենթադրութիւն...

Կը յայտնեն Բիւրականի եւ Անտառուտի մօտ գտնուող անտառային տարածքներուն մէջ հրդեհի բռնկման մասին։ Այս տարածքը տեսանելի է մեր տունէն։

Լուրերէն կ’իմանամ, որ «Ստամպուլի օրեր Հայաստանում» միջոցառման շրջանակներէն ներս տեղի պիտի ունենայ համերգ նուիրուած հռչակաւոր խմբավար Յովհաննէս Չէքիճեանի 90֊ամեակին։ Ըստ համացանցային տեղեկութիւններու, Չէքիճեանը 90 տարեկան կը դառնայ գալ տարուան Դեկտեմբերին։ Մէկ տարիէն աւելի կանուխ այս յիշատակումը կը զարմացնէ զիս։ Հոս ընդհանրապէս շատ բծախնդիր են, որ տարեդարձները չտօնուին ժամանակէն առաջ։

 Երկուշաբթի, 4 Սեպտեմբեր, 2017

 

Մեր հիւրերը կրկին թորոնթոհայեր են։ Արշոն եւ եղբօր կինը` Արփին, հոս են Հայ Օգնութեան Միութեան Ստեփանակերտի մանկապարտէզին բացման առիթով։  Արշոյին հետ գործակցած եմ երկար տարիներ Թորոնթոյի գրադարանի գրատարածի ծիրէն ներս։ Ընտանեկան լուրեր կը փոխանակենք, գաղութային իրադարձութիւններու կ’անդրադառնանք։ Ուրախութեամբ կ’իմանամ որ Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի գրադարանը նորոգութեան մէջ է։ Հոկտեմբերի 11֊-ին պիտի ըլլայ պաշտօնական վերաբացումը։  Բաւական գրքեր ձեռք ձգած եմ գրատարածին համար, ասոնք կը յանձնեմ Արշոյին։ Յոյս ունի, որ ՀՕՄ֊ական ընկերուհիներու միջոցաւ զանոնք պիտի կարենայ հասցնել Թորոնթօ...

Մեր տան ետեւի գաւիթը նստած հաճելի զրոյցէ ետք, կ’երթանք Հին Աշտարակ ճաշարանը, պատառ մը բան ուտելու։

Երեկոյեան մեզի կ’այցելեն Սան Ֆրանսիսկոցի Եդուարդն ու Վերժինը։ Մայրս եւ Եդուարդին մայրը մտերիմներ էին։ Կ’անդրադառնանք իրենց, մեր զաւակներուն, թոռներուն եւ հայաստանեան զանազան անցուդարձերու։ Վերջերս Եդուարդը պարգեւատրուած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին կողմէ, իր երկար տարիներու բարեգործական ներդրումներու միջոցով հանրապետութեան մատուցած ծառայութիւններուն համար։

Երեքշաբթի, 5 Սեպտեմբեր, 2017

Մեր տան գաւիթէն տեսանելի է Բիւրականի մօտ գտնուող  անտառի հրդեհը։ Ցերեկը մուխի գուլաները կը տեսնուին, իսկ գիշերը կարելի է տեսնել նաեւ կրակը։ Մինչեւ հիմա Հայաստանի տարածքին բռնկած հրդեհները լրահոսէն կ’իմանայինք։ Այժմ հրդեհը մեր իրականութեան մաս կը կազմէ։

Երկիր հասած են եղբայրս Սիմոնն ու կինը` Մարալը։ Իրենց հետ է նաեւ եղբօրս տղան` Արան, կինը` Կասիան եւ մեր ընտանիքի գահաժառանգը` ութ ամսական Վանը։

Չորեքշաբթի, 6 Սեպտեմբեր, 2017

«Տալմա Կարդն Մոլ» գացած ենք գնումներու։ Այսօր ոչ մէկ ծանօթ զբօսաշրջիկի չենք հանդիպիր։ Բոլորն ալ Արցախ գացած են Ստեփանակերտի Սօսէ Մանկապարտէզի բացման հանդիսութիւններուն , որ տեղի պիտի ունենայ այսօր։

Վերադարձի ճամբուն վրայ կը նկատենք, որ հրդեհի օճախները բազմաթիւ են։ Կը հաշուենք առնուազն 6 ծուխի սիւներ...

Հինգշաբթի, 7 Սեպտեմբեր, 2017

Բիւրականի անտառները դեռ մուխի գուլաներով ծածկուած են...Ըստ Բնապահպանութեան նախարարին, Հայաստանի տարածքին հրդեհներու քանակը աննախադէպ է։

Եղբայրս` Սիմոնը եւ կինը` Մարալը կու գան այցելութեան։ Արան, Կասիան եւ իրենց տղան Վանը, զբաղած են իրենց ընկերներով, որոնք իրենց հանդիպելու համար եկած են Տուպայէն։ Քիչ մը աւելի պէտք է համբերել Վանը գրկելու եւ սիրելու համար... Ընտանիքի անդամներ ընդունիլը գերհաճոյք է։ Միասին «Հին Աշտարակ» ճաշարանը կ’երթանք։ Անցեալ վեց ամիսներուն լուրերը կը փոխանակենք  եւ հանդարտ ու անհոգ մթնոլորտի մէջ մտովի փառք կու տանք մեր հաճելի առօրեային համար։

 Կը սորվիմ լոռամիրգ բառը (cranberry)։ Այս բառը կը գտնեմ գերշուկայէն ստացած կտրօնիս վրայ, անոր հիւթին դիմաց։ Ըստ Գույումճեանի ան կը կոչուի նաեւ թթուահատ...

Ուրբաթ, 8 Սեպտեմբեր, 2017   

Այս առաւօտ միայն կ’անդրադառնամ, որ երէկ մեր ամուսնութեան 42-րդ տարեդարձն էր։ Եթէ երէկ յիշէի, բաժակ բարձրացնելու առիթը կար...

Երկար բացակայութենէ ետք այսօր Արարատը կրկին կը շողշողայ։ Կէսօրին, անակնկալօրէն դուռը կը թակեն։ Երուանդ (Եուրի) Տէր Խաչատրեանն է, Կոստան Զարեանի գրական ժառանգութեամբ զբաղուող մեր բարեկամը։ Իրեն հետ է լիբանանահայ Շահէնը, որ մօտակայ Ղազարաւանի մէջ տուն ունի։ Նկարիչ եւ քանդակագործ է։ Կ’ըսէ որ իր ժամանակը կը բաժնէ Պէյրութի եւ Հայաստանի միջեւ, մինչեւ հիմնական փոխադրուիլը Հայաստան...  Երուանդին հետ միշտ մեր գլխաւոր խօսակցութեան նիւթը Կոստան Զարեանն է։ Նոր եկած է Միացեալ Նահանգներէն, ուր ջանացած է «Հայրենիք» ամսագրի արխիւները պրպտել, Զարեանէն բան մը գտնելու յոյսով, բայց չէ յաջողած...  Ինծի կը վստահեցնէ, որ իր կարծիքով «Բանկոոպը եւ Մամութի Ոսկորները» կիսաւարտ վէպի շարունակութիւնը պարզապէս չէ գրուած...

Կ’ըսեն որ Բիւրականի եւ Անտառուտի մօտ գտնուող անտառներու հրդեհը մարուած է արդէն բայց երեկոյեան տակաւին ծուխի գուլաները նկատելի են։ 

Շաբաթ, 9 Սեպտեմբեր, 2017

Այսօր մեր երրորդ թոռնուհի Տաթեւի առաջին տարեդարձն է։ Առաւօտուն առաջին գործս իրեն նամակ մը գրել է։ Աւելի ուշ կապ կը պահենք Թորոնթոյի հետ եւ կը տեսնենք զինք։ Նման կապերէ ետք, մեր տրամադրութիւնները կը բարձրանան եւ քանի մը ժամ անոնց ազդեցութեան տակ կը մնանք։ Ափսոս որ վաղը տեղի ունեցող տօնակատարութեան ներկայ պիտի չըլլանք...

Մինչեւ ուշ գիշեր կը զբաղիմ բանջար պահածոյացնելով ձմրան համար ապա դեղձերը չիրի կը վերածեմ։

Կիրակի, 10 Սեպտեմբեր, 2017

Հիւր չունինք։ Հանդարտ օր մը։ Թէեւ տակաւին շոգ է, աշնան շունչը նկատելի է։ Մարգարը օրական երեք֊չորս անգամ դեղձ կը բերէ։ Պէտք է տեղաւորել բոլորը։ Երէկ, տոպրակ մը Երեւան ղրկեցի։ Այսօր Հարեւան Սուսանը համաձայնեցաւ տոպրակ մը տանիլ։

Երկուշաբթի, 11 Սեպտեմբեր, 2017

Այսօր մեզի կ’այցելեն եղբայրս` Սիմոնը  եւ ընտանիքը։ Իրենց հետ են նաեւ արդէն 25 տարի է երեւանցի Գէորգը եւ Սիլվան։ Ութ ամսական Վանը` առայժմ Սիմոնի միակ թոռը մեզ կը հմայէ։ Գիրկէ գիրկ կ’անցնի ամէնուն ժպիտներ բաշխելով։ Եղբօրս անդրանիկ տղան` Արան եւ կինը` Կասիան հոգատար ծնողներ են։ Ամբողջ օրը, Վանի լացը չենք լսեր...

Կը տեղաւորուինք մեր տան ետեւի գաւիթը եւ լաւ ժամանակ կ’անցընենք։ Եղանակը հիանալի է։ Միակ խանգարողը մեղուներն են, որոնք այս եղանակին բազմաթիւ են։ Փոքրիկ աման մը սուրճ կը վառենք, յուսալով որ անոր հոտէն կը հեռանան...

Վարորդ Հրայրը, երեկոյեան երբ կու գայ Սիմոնն ու ընտանիքը տանելու, մեզի կը բերէ թորոնթոցի Նայիրին, մայրը` Անահիտը եւ մեզի խնամի Անին։ Նայիրին դեռ քանի մը ամիս առաջ հոս էր, կրկին եկած է մօրը հետ։ Անիին առաջին այցելութիւնն է Հայաստան։ Հոս են Հայ Օգնութեան Միութեան կազմակերպած խումբով։ Մասնակցած են Ստեփանակերտի ՀՕՄ-֊ի նոր մանկապարտէզի բացման հանդիսութիւններուն։ Անին շատ խանդավառ է։

Իրականութեան մէջ հազուագիւտ է հանդիպիլ հայու մը, որ հայրենիք կ’այցելէ եւ լաւ տպաւորութիւններով չի վերադառնար։ Կը նստինք մեր տան առջեւի բակը եւ շատ մտերմիկ զրոյց կը ծաւալենք...

Երեկոյեան լուրերէն կ’իմանանք, որ կը տօնուի Մխիթարեան Միաբանութեան Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ հաստատուելու 300-֊ամեակը։ Ցուցադրուած պատկերները մեզի հին յուշերու գիրկը կը նետեն, երբ երկար տարիներ առաջ մեր Վենետիկ այցելութեան շրջանակին  մէջ, եղած էինք Սուրբ Ղազար կղզի։

Այսօր տարելիցն է նաեւ 16 տարի առաջ Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան, որ խլեց  2983 մարդու կեանք։ Ինչպէս միշտ, ասոնց մէջ էին նաեւ ազգութեամբ հայեր։

Կը լսեմ նաեւ որ այսօր Ռուսաստանի մէջ, կը նշուի սթափութեան օրը։ Ռուս ողղափառ եկեղեցին յատուկ աղօթքներ կը հնչեցնէ ալքոլամոլութեամբ եւ թմրամոլութեամբ տառապողներու համար...

Երեքշաբթի, 12 Սեպտեմբեր, 2017

Այսօր մեր հիւրերը թորոնթոցի Սօսին եւ քոյրը` Մարսէլն են։ Թորոնթոյի մէջ, Սօսիին հետ գործակցած եմ երկար տարիներ Համազգային Կրթական եւ Մշակութային Միութեան գրադարան-գրատարածի ծիրէն ներս։ Վերջերս խնամի ալ դարձանք։ Անոնք եղբօրս հարսին` Կասիային ազգականներ են։ Շատ յիշատակներ ունինք միասին։ Այստեղ են Հայ Օգնութեան Միութեան Ստեփանակերտի մէջ մանկապարտէզի բացման կապակցութեամբ։ Հին ու նոր յիշատակներ կը փորփրենք...

 Չորեքշաբթի, 13 Սեպտեմբեր, 2017

Մեծ հարսիս` Դալարին եղբայրը` Շանթը, շուտով պիտի ժամանէ Երեւան։ Քաղաք կ’իջնենք մեր յարկաբաժինը պատրաստելու իրեն համար։ Շուտով Երեւան կը ժամանեն եղբայրս` Լեւոնը եւ կինը` Անին։ Իրենց երեւանեան յարկաբաժնի սառնարանը անհրաժեշտ պարագաներով պարենաւորելու հարցն ալ կը լուծենք։ Արմէնը եւ Այտան, որոնք բաւական ժամանակէ ի վեր Երեւան են, մեզի խօսած էին «Քէպապճի» անունով նորաբաց ճաշարանի մը մասին, որ սուրիական ճաշացանկ ունի։ Իրենց կը միանանք այս ճաշարանը այցելելու։

Այս ճաշարանը շատ հեռու չէ մեր յարկաբաժինէն, ուստի քալելով ճամբայ կ’ելլենք։ Երեւանը տօնական տեսք ունի։ Զբօսաշրջիկները ամէն տեղ են։  Երեւանի Կեդրոնի փողոցներով պտտիլը անզուգական հաճոյք է։ Մենք ալ զբօսաշրջիկի հոգեբանութիւն կ՛որդեգրենք եւ ծուլօրէն կ’ուղղուինք ճաշարան։

Ճաշերը համով են, այց բացօդեայ բաժին չկայ։ Այս ճաշարանը ձմեռը այցելելը աւելի հաճելի պիտի ըլլայ...

Հինգշաբթի, 14 Սեպտեմբեր, 2017

Մեր բարեկամ 96-֊ամեայ բժիշկ Հովհաննէս Օյունճեանը մեզի հրաւիրած է Կիւմրի իր մեկենասութեամբ ստեղծուած Աղաւնի արհեստի դպրոցի բացման պաշտօնական հանդիսութեան։ Այս դպրոցը երրորդն է բժիշկի կառուցած դպրոցներուն։ Առաջինը իր հօր եւ մօր յիշատակին հիմնովին նորոգուած Կիւմրիի թիւ 21 դպրոցի բացումն էր 2000 թուականին։ Երկրորդը, քրոջը` Վարդուհիի յիշատակին 2014-֊ին բացուած արուեստի դպրոցն է, իսկ այս երրորդը, մէկուկէս տարեկանին սովէն մահացած քրոջը` Աղաւնիի յիշատակին է։ Կը ծրագրէինք ներկայ ըլլալ, բայց մինչեւ Կիւմրի քշելը ապա գիշերով վերադառնալը պատճառ կ’ըլլան որ հրաժարինք այդ գաղափարէն...

Երեկոյեան լուրերէն կ’իմանանք, որ Վարչապետ` Կարէն Կարապետեանը ներկայ եղած է բացումին։ Կը լսենք, որ «Օյունճեան» հիմնադրամը անցեալ 20 տարիներուն, եօթը միլիոն տոլարի ներդրում ըրած է այս երեք հաստատութիւններուն։ Բժիշկին որպէս շնորհակալութիւն անակնկալ կ’ընեն իր կիսանդրիին բացումը...

Յատկանշական է մեր բժիշկի երգիծական ջիղը։ Ցուցադրուած պատառիկներուն մէջ արդէն կ’երեւի իր սուր եւ դիպուկ հակադարձելու եղանակը։ Ուրախութեամբ կը դիտենք այդ պատառիկները եւ կ’ափսոսանք որ չկրցանք ներկայ ըլլալ...

Նոյն երեկոյեան լուրերէն կ’իմանանք նաեւ, Էջմիածնի մէջ Կաթողիկոսարանի հովանաւորութիւնը վայելող Էօռնեկեան վարժարանի նոր մասնաշէնքի բացման մասին։ Ներկայ է արժանթինահայ բարերար Էտուարտօ Էօռնէկեանը, ինչպէս նաեւ Հանրապետութեան նախագահը։ Այս դպրոցի սաները համազգեստով են։ Համազգեստը եւ այլ հագ ու կապը բարերարը կը մատակարարէ։ Առաւել, անոնց 12 տարուան ուսման ընթաքին, ամէն տարի ամէն աշակերտ 100 տոլար կը ստանայ իրենց ապագայի համալսարանական ուսման համար բացուած հաշուին մէջ։ Հիանալի նախաձեռնութիւն մը իսկապէս։

Այս երկու կրթական նախաձեռնութիւններուն մասին նոյն լրատուական ծրագրէն իմանալը, նոյն օրը, կը խանդավառէ մեզ։ Երանի թէ աւելի մեծ թիւով սփիւռքահայեր նախաձեռնարկ ըլլան նման ծրագիրներու։

Այսօր ալ փոքր եղբայրս ` Լեւոնը եւ կինը` Անին կը հասնին Երեւան։ Բախտաւոր ենք։ Այս տարի Հայաստան այցելութեան եկան իմ ընտանիքիս գրեթէ բոլոր անդամները։ Ապրիլին, առաջինը եկաւ Գառնիկը` մեծ եղբօրս տղան, ապա, Դալարը Եւ Կարէնը` փոքր եղբօրս զաւակները, յետոյ, Րաֆֆին` մեծ եղբօրս տղան, ապա մեծ եղբայրս, կինը եւ իրենց տղան հարսն ու թոռնիկը, եւ հիմա, փոքր եղբայրս եւ իր կինը։ Իրենց ընտանիքներէն միայն փոքր եղբօրս աղջիկը` Արազը չկրցաւ այցելել Հայաստան, նոր աշխատանքի անցնելով արձակուրդ չունենալուն պատճառաւ։  Հիանալի է, որ բոլորն ալ իրենց հայեացքը սեւեռած են Հայաստանին վրայ եւ առիթը չեն փախցներ հայրենիք այցելելու։

Ուրբաթ, 15 Սեպտեմբեր, 2017

Օհանւանէն դէպի Երեւան իրենց ճամբուն վրայ անակնկալ կերպով մեզի կը հանդիպին երէկ Երեւան հասած եղբայրս` Լեւոնը, կինը` Անին, Անիին եղբայրը` Յակոբը եւ իր կինը` Ժիւլիէթը։ Իրենց հետ է նաեւ Վարուժան Արք. Հերկելեանը։ Շատ կարճ ժամանակով կը մնան մեզի։ Կ’աճապառեն ներկայ ըլլալու երգահանդէսի մը։

Շաբաթ, 16 Սեպտեմբեր, 2017

Երեւանի մէջ կրկին մաքրութեան շաբաթօրեակ յայտարարած են։ Անկախութեան տօնը կ’ուզեն դիմաւորել մաքուր Երեւանով... Կ’ըսեն որ 14900 մարդ մասնակացած է աղբահաւաքին...Աղբավայր տեղափոխեր են 340 թոն աղբ...

Այս թիւերը կը սահմռկեցնեն զիս։ Իմ կարծիքովս, շաբաթօրեակները չեն կրնար լուծել կուտակուող աղբի հարցը։

Կիրակի, 17 Սեպտեմբեր, 2017

 Թորոնթոցի Արմէնը պիտի մասնակցի Հայաստան-Սփիւռք համաժողովին, որը կը սկսի վաղը առաւօտ։ Կնոջ` Այտային հետ Ուշի կու գան։ Այսօր Այտան մեր մօտ պիտի գիշերէ։ Արմէնը երեկոյեան Երեւան կը վերադառնայ։ Թորոնթոցի Յակոբը, որ Օհանաւանի իր տան մէջ կը մնայ, կու գայ զինք Երեւան տանելու։

Երեկոյեան մեզի կու գան նախկին Սուրիահայ այժմ երեւանցի Սարգիսն ու Սիլվան։ Իրենց հետ են Սիլվայի եղբայրը` Յակոբը, կինը` Ծովիկը եւ աղջիկը Սարինը, բոլորն ալ հալեպցիներ։ Երեւան եկած են իրենց մեծ աղջկան Լարային ամուսնութեան առիթով։ Փեսացուն նախկին հալէպահայ է, այժմ երեւանաբնակ։ Իրենց այցելութեան գլխաւոր նպատակը մեզի հարսանիքի հրաւիրելն է։ Մինչ երեւանաբնակ Սարգիսն ու Սիլվան կը մտածեն իրենց Հալէպի մէջ ունեցածը ձեւով մը ծախելու եւ հոս տուն գնելու մասին, Յակոբն ու Ծովիկը, որոնք շուտով Սարինին հետ պիտի վերադառնան Հալէպ, տակաւին յոյսեր ունին, որ հալէպը պիտի վերադառնայ իր նախապատերազմեան վիճակին...

Երկուշաբթի, 18 Սեպտեմբեր, 2017

Այսօր կէսօրին երբ Այտային հետ «Հին Աշտարակ» ճաշարանը գացինք, դուռը գտանք փակ։ Զանգակը զարկինք տեսնելու համար թէ հո՞ն են։ Դուռը բացին եւ տեղեկացուցին, որ  նկարահանումներ կ’ընթանան եւ այդ պատճառաւ փակած են դուռը։ Խոստացանք գաւիթը նստիլ եւ չխանգարել նկարահանումները։ Հանրային հեռատեսիլի կայանը եկած է արձանագրելու այս իւրօրինակ ընտանիքի պատմութիւնը։ Հապիպը, ճաշարանապետը, կը հարցնէ, եթէ կ’ուզենք մասնակցիլ նկարահանումներուն։ Մարգարը այսօր կը մերժէ...

Այսօր, Կարէն Տմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ սկսաւ Հայաստան֊Սփիւռք վեցերորդ համաժողովը, որուն բացման ներկայ էին Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանը, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը, զոյգ կաթողիկոսները, Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը եւ Հայաստանէն ու Սփիւռքէն շուրջ 1800 մասնակիցներ, աւելի քան 70 երկիրներէ, որոնց մէջ մեծ թիւ կը կազմեն մտաւորականներն ու գործարարները։

Հետաքրքրական է այս համաժողովի նշանաբանը` Փոխադարձ Վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն։ Այս նշանաբանը լայնօրէն մեկնաբանուեցաւ մամուլին մէջ, ընդհանրապէս բացասական կերպով։

Խօսուեցան բազմաթիւ ճառեր։ Ինծի համար յատկանշական էր Նախագահի ճառին մէջ տեղ գտած ներգաղթի վերաբերող պարբերութիւնը։ Առաջին անգամ չէ որ կը խօսուի բնակչութեան թիւը աւելցնելու մասին, բայց ներգաղթի մասին ես առաջին անգամ կը լսեմ...Կը մէջբերեմ,֊

«Յառաջիկայ բոլոր տարիներու մեր քայլերը պիտի ուղղուին Հայաստանի մէջ բնակչութեան բնական աճը աւելցնելուն: Մենք կը յայտարարենք, որ մեր նպատակն է, որ Հայաստանը 2040 թուականին ունենայ առնուազն 4 միլիոն բնակիչ: Ակնյայտ է, որ միայն ծնելիութեան մակարդակի աւելցումով, մարդոց կեանքի տեւողութեան երկարացման եւ ժողովրդագրական պատկերի բարելաւման քայլերով, մենք այդ նպատակին դժուարութեա՛մբ կը հասնինք, թէեւ այդ ուղղութիւններով հաստատակամօրէն առաջ կ’երթանք: Հետեւաբար, նպատակադրումը կ’ենթադրէ գալիք 25 տարիներուն ընթացքին դէպի Հայաստան ներգաղթի լո՛ւրջ ցուցանիշներու ձեռքբերում»։

Մասնակիցներու ստուար թիւը պատճառ կը դառնայ, որ տարակուսանքով մօտենամ այս համաժողովի ձեռքբերումներուն։ Կան երեք լիագումար նիստեր, ինչպէս նաեւ չորս ուղղութիւններով 16 նիստեր նուիրուած Հայաստնի տնտեսական զարգացմանը, տարածաշրջանային  եւ ազգային անվտանգութեան օրակարգին, արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին եւ Ցեղասպանութեան հետեւանքներու եւ հայապահպանութեան խնդիրներուն։

Այս տարուան համաժողովին պիտի քննարկուի նաեւ համահայկական խորհուրդ ստեղծելու գաղափարը։

Համաժողովին առընթեր տեղի պիտի ունենան մշակութային երեկոներ։

Երեքշաբթի, 19 Սեպտեմբեր, 2017

Երեւան իջած ենք մեր ինքնշարժին եւ յարկաբաժնին տարեկան տուրքը մուծելու։ Վերադարձի ճամբուն վրայ կ’որոշենք անցնիլ Դաւթաշէնէն եւ այցելել «Պոն Աբէթի» ճաշարանը։ Զարմանքով կը նկատենք որ ան դարձեր է «Տոլմա»։ Ճաշարանի ֆիզիքական տեսքը ճիշդ նոյնն է, բայց անունն ու ճաշացանկը փոխուած...

Ինծի համար շատ հաճելի է «բերք ու բարիք» բառակապակցութինը։ Բերք բառը գրեթէ երբեք առանձին չի գործածուիր։ Բերքը բարիքի հետ զուգորդելը այլ լեզուներու մէջ չեմ տեսած...

Չորեքշաբթի, 20 Սեպտեմբեր, 2017

Արագած գիւղի ծննդատան տնօրէնուհին անպայման կ’ուզէ այցելել մեզի, հակառակ, որ իրեն վստահեցուցած ենք, որ այս րոպէին ոչ մէկ միջոց ունինք իրենց օգնելու։ Պէտք է խոստովանիմ, որ իր տեղը եթէ ես ըլլայի , նոյնը պիտի ընէի։ «Խեղդուող մարդը օձին ալ կը փաթթուի», կ’ըսէ հայկական արածը։ Երէկ մասնագէտ մը ղրկած էինք իրենց մօտ տեսնելու համար, որ կարելի՞ է բուժկէտի տանիքը ժամանակաւորապէս նորոգել ձմեռէն առաջ եւ գտած, որ կարելի չէ։ Ան հիմնական փոփոխութեան պէտք ունի։

Կու գայ։ Կը ծանօթանանք։ Կը բացատրենք, որ մենք ալ իրեն չափ շահագրգռուած ենք նորոգութիւններով եւ անմիջապէս որ միջոցները ճարենք, կապ կը պահենք իրեն հետ։

Երէկ գիշեր Երեւան հասած Շանթը, այսօր մեզի այցելութեան կու գայ։ Տակաւին Թորոնթոյէն երկար ճամբորդութեան ազդեցութեան  տակ է։ Մեր զաւակներուն եւ թոռներուն կարօտը իրմէ կ’առնենք։ Թարմ լուրեր կու տայ մեր թոռնուհիներ Դուինէն եւ Տաթեւէն, որոնք իր քրոջ զաւակներն են։ Միասին կ’երթանք «Հին Աշտարակ» ճաշարանը։ Շանթը շատ հաճելի տղայ է։ Անդադար կը կատակենք, զինք շուտով ամուսնացնելու մասին։ Ժպիտով կը պատասխանէ մեր կատակներուն։ Թորոնթոյի գաղութին մէջ, գործօն մասնակցութիւն ունի։  

Այսօր աւարտեցաւ Հայաստան-Սփիւռք համաժողովը։ Համաժողովի անունէն ամփոփիչ յայտարարութիւն մը կարդացուեցաւ, սակայն անոր բովանդակութեան չկրցայ ծանօթանալ հակառակ փնտռտուքներուս։ Լրատուամիջոցները չհրատարակեցին զայն...

Այսօր ՄԱԿ-֊ի ամպիոնէն ելոյթ ունեցաւ մեր նախագահը։ Ան պաշտօնապէս յայտարարեց, որ եթէ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն ուղղութեամբ, որեւէ յառաջընթաց չարձանագրուի, գարնանը, զայն չեղեալ պիտի համարեն...

Հինգշաբթի, 21 Սեպտեմբեր, 2017

Մեր նորաստեղծ հանրապետութեան անկախութեան 26֊-երորդ տարեդարձն է։ Սփիւռքի մէջ զայն կը սիրենք կոչել վերանկախացման տօն իսկ Մայիս 28֊ը` անկախութեան տօն։ Հոս Մայիս 28-ը կը կոչուի Պետականութեան տօն եւ Սեպտեմբեր 21-֊ը անկախւթեան տօն։ Երկու օրերն ալ Հայաստանի տարածքին ոչ աշխատանքային տօնական օրեր են։

Այս տարի զօրահանդէս չէ նախատեսուած, թէեւ կան բազմաթիւ միջոցառումներ, պետական այրերու այցելութիւն եռաբլուր, երգահանդէսներ, հրավառութիւն։ Ընդհանրապէս նման օրերու բացառութիւն կ’ընենք եւ հեռատեսիլը կը միացնենք ցերեկը, բայց այսօր Արզական գիւղը հրաւիրուած ենք ճաշի։ Անկախութեան տօնին նուիրուած միջոցառումներուն հետեւելու առիթ չենք ունենար։

Հեռաձայնիս վրայ ունիմ Waze յաւելուածը, որ շատ հիանալի ճամբորդական ուղեցոյց է։ Մարգարը չ’ախորժիր նման օգնութենէ։ «Ես ճամբան գիտեմ, աւելորդ աղմուկի եւ հրահանգներու պէտք չունիմ», կ’ըսէ։ Սակայն ես կը համարիմ։ Կը սիրեմ մեր գացած տեղերը քարտէսի վրայ տեսնել։ Առանց դժուարութեան կը հասնինք Արզական գիւղը, որ ամառանոցային համբաւ ունեցող Աղուերանի հարեւանութեամբ է, Կոտայքի մարզին մէջ։ Շուտով կը գտնենք «Edward’s 498M Tak Jur» հաստատութիւնը, որ հանգային ջուրի աւազաններու եւ ճաշարանային համալիր է։ Քիչ մը կանուխ ենք, ուստի կ’որոշենք այցելել Աղուերան։

Այս հանգստավայրը առողջարաններու, հիւրանոցներու եւ միօրեայ հանգիստի համար նախատեսուած տաղաւարներու շարք մըն է հիանալի բնութեան մէջ։ Ամառնային հանգիստի եղանակը անցած է արդէն եւ եռուզեր չկայ, սակայն հեշտութեամբ կարելի է երեւակայել հոս արձակուրդի գալու գրաւչութիւնը։

Կը վերադառնանք Արզական։ Եդուարդի եւ Վերժինի հիւրերն ենք։ Կը սկսին հասնիլ միւս հիւրերը եւս, բոլորն ալ ծանօթներ եւ բարեկամներ։ Մեզմէ համարձակները կը մտնեն տաք ջուրի աւազանները, որոնք հողի ընդերքէն 498 մեթր խորութենէն կը հանուին։ Այս տաք ջուրերը բուժիչ են։ Ապա կը նստինք ճաշի։  Ճաշարանի մէկ անկիւնը կայ թոնիր, ուր կը պատրաստուին լաւաշն ու խորովածը։ Ճաշերը համադամ են եւ բազմազան։ Մթնոլորտը այնքան ջերմ եւ մտերմիկ է, որ հոս կարելի է յամենալ շատ երկար...

Հաճելի օր մըն է իսկապէս։ Անկախութեան օրը կը տօնենք մեր երկրի մէկ անկիւնին եւս ծանօթանալով։

Լուրերէն կ’իմանամ, որ այսօր հրեական նոր տարին է` «րաշաշանա»։

Ուրբաթ, 22 Սեպտեմբեր, 2017

Այսօր Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան երեւանեան գրասենեակի նախաձեռնութեաբ, Երեւանի Le Club ճաշարանի յատուկ սրահներէն մէկուն մէջ պիտի նշուի Պէյրութի մէջ հրատարկուող «Բագին» գրական ամսագրի 55֊-ամեակը։ Քաղաք կ’իջնենք ներկայ ըլլալու։ Փոքրիկ սրահը բերնէ֊բերան լեցուն է։ Ներկայ է, գլխաւոր խմբագիր` Սոնիա  Քիլէճեան-֊Աճեմեանը, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչներ, խմբագրական խորհուրդի երկու երեւանցի անդամները` Արքմենիկ Նիկողոսեանը եւ Արամ Պաչեանը։ Ներկայ են նաեւ մեծ թիւով սփիւռքահայեր, որոնք այցելութեամբ Երեւան կը գտնուին այս օրերուն։ Ներկայ է նաեւ` Մարկ Նշանեանը։

Գինիի եւ պանիրի հիւրասիրութեան առընթեր, Արքմենիկը կը վարէ հաւաքը եւ կը լսենք զանազան կարծիքներ եւ հարցումներ եւ պատասխաններ... Հաճելի յետմիջօրէ մը իսկապէս։

Կէսօրին երբ Երեւան եկանք, փողոցները տակաւին տօնական տեսք ունէին։ Եռագոյն դրօշները կը ծածանէին գլխաւոր պողոտաներու ելեկտրական սիւներուն վրայ։ Վերադարձի ճամբուն վրայ կը հանդիպինք այն կռունկներուն, որոնք սկսած են հաւաքել դրօշները...   

Երեկոյեան Վալդերենց տունը ճաշի հրաւիրուած ենք։ Յայտնի կը դառնայ, որ Արմանի տարեդարձն է։ Տարեդարձներու թուականները յիշելու մէջ շատ տկար ենք, թէեւ 10 տարի Ուշիի մէջ ապրելէ ետք, տարեդարձներուն աւելի ուշադրութիւն պէտք է դարձնենք։ 23 տարեկանին, Արմանը արդէն երկու տարի զինծառայած է, շրջանաւարտ է Համալսարանէն, ամուսնացած է եւ հայրանալու ճամբուն վրայ է...

Շաբաթ, 23 Սեպտեմբեր, 2017

Այսօր Հիլտայի հիւրերն ենք։ Հրաւիրուած ենք «Հին Աշտարակ» Ճաշարանը։ Հրաւիրեալները` եղբայրներս, իրենց կիները եւ հարսիս եղբայրը Շանթն են, Թորոնթոյէն։ Մեզի հետ են նաեւ նախկին թորոնթոցի այժմ երեւանցի Գէորգը եւ Սիլվան։ Ընդհանրապէս կը հանգրուանենք այս ճաշարանի բացօդեայ գաւիթը, բայց այսօր կը խուսափինք արեւէն եւ կը նստինք ներսը։

Հոս ճաշերը մեր քիմքին շատ յարմար են, զրոյցը մտերմիկ։ Թէ ֆիզիքապէս կը կազդուրուինք թէ հոգէպէս։

Չեմ գիտեր ինչո՞ւ, Հայ Արիական Միաբանութեան զանազան միջոցառումները միշտ հետաքրքրական կը թուին ինծի։ Անոնք վճռականօրէն կ’ուզեն ետ դարձնել ժամանակի անիւը։ Այսօր ըստ երեւոյթին, արիական տօնացոյցով Նախնեաց Յիշատակի Օրն է։

Ըստ «Արմէնպրես»ի, «Արեւածագին հայ արիները եւ նրանց միացած համախմբուած հայ ազգայնականները, ինչպես միշտ, նշել են նախնեաց աւանդական տօնը: ... արիադաւան հայերն ու համախմբուած հեթանոս ազգայնականները սրբազան տօնի ծիսական արարողութիւնը անցկացրել են Արա լերան գագաթին՝ ծիսական կրակը վառելով Արեւի ճառագայթների ջերմութեամբ (խոշորացոյցի օգնութեամբ):

 «Կրակը գտնուել է շրջանի մէջ, որում խորհրդապաշտական կապ էր դրուած՝ հողէ բլրակներով կազմուած, դրանք խորհրդանշում են Հայկական լեռնաշխարհի սարերը: Հողերը որպես մասունքներ բերուել են Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Երեւանից, Արեւմտեան Հայաստանի, Արեւելեան Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի, Նախիջեւանի տարածքներից:

 «Շրջանաձեւ բլրակներից առաջ՝ եռանկիւնաձեւ կառուցուածքով պատրաստուել են խորհրդանշական փոքր երեք լճեր, որտեղ ջուր է լցուել՝ բերուած Սեւանայ, Վանայ եւ Ուրմիայ լճերից:

«ՀԱՄ Հոգեւոր յանձնախմբի Քրմական դասի քրմերը ՀԱՄ առաջնորդ Արմէն Աւետիսեանի գլխաւորութեամբ, կառոյցի Գերագոյն Խորհրդի անդամների հետ ձօներով փառաբանել են հայ նախնեաց:

«Արիադաւան հայերը յիշել են նաեւ սեպտեմբերի 2-ի (Արցախի Հանրապետութեան) եւ 21-ի (Հայաստանի Հանրապետութեան) անկախութեան տօները՝ յանուն այդ անկախութեան զոհուած մարտիկների ոգեկոչման:

 «Կարեւորուել է նաեւ Հայաստան-Սփիւռք հերթական համաժողովի նշանակութիւնը եւ հայութեան անխախտ ու նպատակային կապը:

 «Նախնեաց յիշատակի օրը հայ արիների համար տօն է՝ տոնախմբութիւն, քանզի յիշում ու մեծարում են բոլոր նախնիներին, ուժ ստանում նրանցից: Այդ սրբազան օրը մարդ եւ հոգի տիեզերակապը Երկրային Հայրենիքից՝ Հայկական Լեռնաշխարհից ձգւում է դէպի Երկնային Հոգէ-Ոգեղէն եւ Աստուածային Հայկական Աշխարհները»:

 Կիրակի, 24 Սեպտեմբեր, 2017

Հայաստանեան հարսանիքներու եղած ենք, բայց այսօր, ներկայ պիտի ըլլանք սուրիահայերու հարսանիքին։ Փեսան` Աւոն, արդէն քանի մը տարի է կ’ապրի Երեւան։ Հարսը` Լարան, հալէպէն  հարս կու գայ Երեւան։ Մենք հարսին կողմէ հրաւիրուած ենք։

Պսակադրութիւնը Երեւանի եկեղեցիներէն մէկուն մէջ է, բայց հարսանիքը տեղի պիտի ունենայ Կովկաս Համալիրի Բագրատունեաց հարսանեկան սրահին մէջ, որ մեզմէ 20 րոպէ հեռաւորութիւն ունի։ Զանց կ’առնենք եկեղեցի երթալը եւ ուղղակի հարսանեաց սրահ կ’երթանք։

Յաջող հարսանիք է։ Կան փոքր տարբերութիւններ հայաստանեան հարսանիքներէն։ Հարսի, փեսայի եւ ընտանիքի անդամներուն մուտքէն ետք, անմիջապէս կ’անցնին կարկանդակը կտրելու արարողութեան։ Ըստ սեղանակիցներուս սա սուրիահայ հարսանիքներու կարգն է։ Անոր կը յաջորդէ ընթրիքը, որը հայաստանեան հարսանիքներու ընդունուած ճաշատեսակներէն կը բաղկանայ։ Հարսի հայկական մենապարը, հայաստանեան է, ամպի գուլաները, որոնք մերթ ընդ մերթ կը ծածկեն պարահրապարակը, դարձեալ հայաստանեան է։ Հայկական պարի կողքին կայ նաեւ արաբական պարը, որ մեծ խանդավառութեամբ կ’ընդունուի պարողներուն կողմէ։ Ռուսական երգեր եւ պարեր չկան։ Հարսանիքներուն հայկական պարախումբերու ներկայացումներուն միայն Հայաստանի մէջ հանդիպած եմ։ Հմալիրի պարախումբը ելոյթ կ’ունենայ եւ կ’ընդունուի մեծ խանդավառութեամբ։ Նկարիչը, երգիչը, տեսագրողը եւ հանդիսականները, բոլորն ալ սուրիահայեր են... Մարգարին հետ կը կատակեմ, որ հաւանաբար միակ ոչ սուրիահայն է ներկաներուն մէջ, եթէ չհաշուենք սպասեակները...

 Անկարելի է, որ մեր ապրած երկիրներու բարքերը չազդեն մեր կենցաղին վրայ։ Հոս նկատելի էին թէ սուրիական ազդեցութիւնը եւ թէ հայաստանեան ազդեցութիւնը։

Երկուշաբթի, 25 Սեպտեմբեր, 2017

Մեր հիւրերը Աւստրալիայէն են, Յակոբը եւ Յասմիկը։ Մեր առաջին հանդիպումն է, սակայն շատ արագ կը մտերմանանք։ Յայտնի կը դառնայ որ այս ամոլը շատ գործօն դեր ունեցած է Սիտնիյի հայկական գաղութի կազմաւորման մէջ։ Եկած են մասնակցելու Հայաստան-֊Սփիւռք համաժողովին, ինչպէս նաեւ Հայ Օգնութեան Միութեան Ստեփանակերտի մէջ մանկապարտէզի բացման։ Մեր զրոյցը շահեկան է։ Մարգարը կը տանի զիրենք այցելելու մեր դպրոցը, սակայն կարելի չ’ըլլար Մշակոյթի տունը ցոյց տալ իրենց։ Բանալիները Վալդերին մօտ են, եւ ան այսօր գիւղէն դուրս է։ Կը հանդիպինք որպէս անծանօթներ, կը բաժնուինք որպէս բարեկամներ։

Այսօր մտադիր էինք Երեւան իջնել ներկայ ըլլալու Արձակագիր-֊թարգմանիչ Ռուբէն Յովսէփեանի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկին։ Համազգային Հայ Կրթական Մշակութային Միութեան կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կոմիտասի Թանգարանին մէջ։ Վերջին րոպէին կը հրաժարինք... Գիտեմ , որ երկոյեան լուրերէն անոր մասին լսելէ ետք պիտի ափսոսանք այս որոշումին համար։

Այսօր, Իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ տեղի կ’ունենայ անկախութեան հարցով հանրաքուէ։ Միջազգային դիրքորոշումը այս հանրաքուէին բացասական է։ Հակառակ անոր հանրաքուէն կ’իրականցնեն։

Երեքշաբթի, 26 Սեպտեմբեր, 2017

Այսօր Օհանաւան հրաւիրուած ենք, թորոնթոցիներ Յակոբի եւ Ժիւլիէթի տունը։ Ձորին բերանը գտնուող իրենց տունը հիանալի տեսարան ունի։ Հիւրերը մեր կողքին եղբայրներս են։ Ներկայ են նաեւ զոհուած ազատամարտիկ Թաթուլ Կռպէեանի կինն ու աղջիկը։ Չերմ մթնոլորտ է։ Բակի ընկուզենիի ծառին տակ սեղան բացած են, որուն շուրջ շատ հաճելի ժամանակ կ’անցընենք։

Այսօր կը յայտարարեն, որ Իրաքեան Քիւրտիստանի անկախութեան հարցով հանրաքուէին մասնակցողներու 93.29 տոկոսը «այո» ըսած է անկախացման։ Հանրաքուէին մասնակցած են ընտրական իրաւունք ունեցողներու 72.16 տոկոսը։

Չորեքշաբթի, 27 Սեպտեմբեր, 2017

Այսօր Շանթը մեզի եկաւ, որ միասին ձուկ ուտելու երթանք։ Ուրբաթ օր կը վերադառնայ Թորոնթօ։ Թէեւ միայն կարճ ժամանակով եկած էր, առիթը ունեցանք քանի մը անգամ իրեն հանդիպելու։ Համաձայնեցաւ հետը քիչ մը չիր տանիլ մերիններուն...

Երեկոյեան լուրերը խրախուսիչ էին։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած է «Հայկական ազգային երաժշտական գանձարան» ծրագրի շնորհահանդէսը։ Այս ծրագիրը իրականցուած է «Մշակութային Վերածնունդ» հիմնադրամին կողմէ։

«... Հիմնադրամի հիմնադիր-նախագահ Արթուր Ջանիբեկեան ներկայացուցած է «Հայկական ազգային երաժշտական գանձատուփ»-ը` շարժական նուագարկիչը, իբրեւ «Հայկական ազգային երաժշտական գանձարան» ծրագիրի խորհրդանիշ, ուր զետեղուած են հիմնադրամին կողմէ ձայնագրուած եւ թուայնացուած 500-էն աւելի ժողովրդական, հոգեւոր եւ աշուղական երաժշտական նմուշներ: Արթուր Ջանիբեկեանը «Հայկական ազգային երաժշտական գանձատուփ»-ի առաջին նմուշը ընծայած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինին:

Իրականացուած հսկայածաւալ աշխատանքը, որ եղած է Կոմիտաս Վարդապետի կեանքին երազանքը, անոր ծննդեան օրը` Սեպտեմբեր 26-ին, իբրեւ նուէր մատուցուած է մեծ Վարդապետի յիշատակին:

Երեկոյի ընթացքին ցուցադրուած է ֆիլմ` հայ աւանդական երաժշտութեան եւ «Մշակութային վերածնունդ» հիմնադրամին ծաւալած գործունէութեան մասին:»

Գանձատուփը Նոյեան տապանի տեսքով է, փայտեայ եւ նաշխերով։

Ներկայ եղած են Նախագահ Սարգսեանը եւ առաջին տիկինը։ Հիմնադրամի այլ աշխատանքներէն են նաեւ Մակար Եկմալեանի «Պատարագ»-ի ամբողջացուած վերահրատարակութիւնը` լատինատառ տառադարձութեամբ եւ հայ եկեղեցւոյ երաժշտածիսական կարեւորագոյն մատեաններէն մէկը` «Ժամագիրք»-ը, որ առաջին անգամ ըլլալով լոյս կը տեսնէ եւրոպական նոթագրութեամբ եւ տպագրութեան միջազգային չափանիշներուն համապատասխան: Երկու մատեաններն ալ հրատարակուած են երաժշտագիտական նախաբաններով, վերլուծութիւններով եւ բացատրութիւններով` հայերէն եւ անգլերէն:

Նոյն լուրերէն կ’իմանանք, որ Թիֆլիսի մէջ ընթացող  ճատրակի աշխարհի բաժակին արժանացաւ մեր հայրենակից` Լեւոն Արոնեանը։ Ան կրկնեց 2005֊-ին արդիւնքը եւ դարձաւ աշխարհի մէջ միակը, որ երկու անգամ արժանացած է այդ բաժակին։

Կը խօսուի նաեւ ամենամեայ DigiTec Expo-ի աննախադէպ մասնակցութեան մասին։  Այս ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 29-֊էն մինչեւ Հոկտեմբեր 3-ը։

Հինգշաբթի, 28 Սեպտեբեր, 2017

Հասունցան խնձորներէն որոշ տեսակներ։ Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով մեր խնձորի բերքը պատկառելի է։ Ցաւոք, շոգ ամառը պատճառ դարձած է, որ ոմանք որդնոտին։ Ըստ գիւղատնտես Վարդանի վերլուծութեան, շոգը պատճառ դարձած է, որ սրսկումները անօգուտ դառնան եւ որդերը աշխուժանան...

 

 

Առաւօտուն խնձորի չիր կը պատրաստեմ։ Կէսօրէն ետք դեղձերը կը մշակեմ (process, այսինքն  կը կեղուեմ, շերտեմ եւ հարսիս` Դալարին բաղադրատոմսով դեղձով թխուածք շինելու կը պատրաստեմ, (Peach cobbler). Այս թխուածքը լաւ միջոց է օգտագործելու դեղձերը։  Զարմանալիօրէն, ան անմիջապէս ժողովրդականութիւն վայելեց։ Ընդհանրապէս նոր բաղադրատոմսերը մեր գիւղին մէջ ժամանակ կը պահանջեն ընդունուելու համար։

Մարգարը այս երեկոյ խոշոր դոյլ մը դեղձ բերաւ խոհանոց եւ յայտարարեց, որ ան դեղձի վերջին դոյլն է։ Մէկ մասը սառնարանին մէջ պահ դրի այս ամիս սպասուող մեր հիւրերուն հրամցնելու։ Միւս մասը դեռ պէտք է բան մը ընել...

Ուրբաթ, 29 Սեպտեմբեր, 2017

Այսօրուան լուրերուն կը գերիշխեն մայրաքաղաքին մէջ այսօր բացուած DigiTec ցուցահանդէսի մեկնաբանութիւնները։ Հայաստանի Նախագահը ներկայ կ’ըլլայ բացման հանդիսութիւններուն եւ կ’այցելէ զնազան տաղաւարներ։ Վաղը կ’ակնկալուի նաեւ վարչապետի այցելութիւնը։

««ԴիջիԹեք»-ին մասնակցում են 150 ընկերութիւններ։ Միջազգային ընկերութիւններից, մասնաւորապէս, մասնակցում են չինական հանրայայտ «Dahua Technology» ընկերութիւնը, ճապոնական «Hitachi Construction Machinery Eurasia»-ն, «Mitsubishi Heavy Industries»-ը եւ այլ ընկերութիւններ, շուեդական «Ericsson» ընկերութիւնը, դանիական «Jabra» ընկերութիւնը, եւայլն: «ԴիջիԹեք 2017»-ին կը մասնակցեն հայկական առաջատար National Instruments, Joomag, Ucom, Arpinet, VOLO, Zangi, Monitis, SFL, ArmSoft եւ բազմաթիւ այլ ընկերութիւններ:

 

 

«Եռօրյայ տեխնոլոգիական միջազգային ցուցահանդեէսում կը ներկայացուեն հայկական տեխնոհսկաների, նորաստեղծ եւ այլ ընկերութիւնների, նաեւ դպրոցականների նորարարական գաղափարներն ու տեխնոլոգիական լուծումները, շուկայի վերջին միտումներն ու նորարարութիւնները, կ’անցկացուեն գործարար հանդիպումներ, տարբեր մրցոյթներ, ֆորումներ, սեմինարներ, տեղեկատուութիւն կը ներկայացուի թափուր աշխատատեղերի մասին:

««ԴիջիԹեքը» իրականացւում է 2005թ.-ից Ինֆորմացիոն տեխնոլոգիաների ձեռնարկութիւնների միութեան (ԻՏՁՄ) կողմից ՀՀ վարչապետի բարձր հովանու ներքոյ:»

Յստակ է, որ մեր պետութիւնը այս ոլորտը կը համարէ մեր երկրի զարգացման գլխաւոր ուղղութիւններէն մէկը։

Երեկոյեան, հարեւան Հիլտային մօտ եմ, երբ ինքնաշարժ մը կը կենայ դրան առջեւ եւ մէկը «Պրն. Մարգարին տո՞ւնն է», կը հարցնէ։ Դուրս կ’ելլեմ եւ կ’ըսեմ, որ յաջորդ տունն է, եւ ես պրն. Մարգարին կինն եմ։ Այս բացատրութիւնը կու տամ, որովհետեւ ինքնաշարժին մէջ նստածները, բոլորովին անծանօթ են։ Աճապարանքով տուն կը վերադառնամ զիրենք ընդունելու համար։ Պոլսահայեր են, «Մարմարա»յի ընթերցողներ, որոնք մայրուղիին վրայ «Ուշի» ցուցանակը տեսնելով, որոշած են հանդիպիլ մեզի։ Կը ներկայանան որպէս Աւետիս եւ Մարալ Քէպապճի եւ Մարալի մօրաքոյրը Իրմա Պորուճու, որ ժամանակին Սկիւտարի մէջ ուսուցչուհի եղած է։ Իրենց կ’ընկերանայ նախկին պոլսահայ բայց արդէն 30 տարի է Աբովեանցի Սեւան Կալլօշեանը։ Չեն նստիր, կ’աճապարեն։ Արագ կը շրջին այգիին մէջ եւ քանի մը սալոր եւ դեղձ կը հաւաքեն (տակաւին պճղովի (freestone) քանի մը դեղձ կայ ծառին վրայ), յետոյ կը մեկնին։ Տոպրակ մը դեղձ, խնձոր եւ սալոր կու տամ իրենց, հետերնին տանելու, որովհետեւ հիւրասիրելու առիթ չեմ ունենար...

 Շաբաթ, 30 Սեպտեմբեր, 2017

Աշխարհը աւելի անհանդուրժողական դարձած է։ Ամերիկան կը խստացնէ պատժամիջոցները Ռուսիոյ դէմ։ Պաղտատը կը փակէ Իրաքեան Քիւրտիստանի օդային տարածքը միջազգային թռիչքներու համար։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները որոշած է արգիլել մուտքի արտօնագիր տալ Գուպայի քաղաքացիներուն... Տարբեր ցամաքամասերու վրայ պատեր կը կառուցուին, երկիրներու պետական սահմաններուն վրայ... Քաղաքականութեան լեզուին մէջ սպառնալիքը սկսած է տիրական դառնալ... Ինծի պէս քաղաքականութեան մէջ համբակ մարդու համար, անհասկնալի են այս բոլորը...

Ամրան եւ Աշնան, Հայաստանը փառատօներու երկիր է։ Ամէն շաբաթավերջ, նաեւ լուռ օրերուն փառատօները անպակաս են։  Ընդհանրապէս, լուրերէն կ’իմանաք անոնց մասին եւ անձամբ չենք այցելած զանոնք։ Քանի մը օր առաջ, ընկերուիս Հիլտան հեռատեսիլէն լսած էր Խաչիկ գիւղի մէջ տեղի ունենալիք Գաթայի Փառատօնին մասին եւ այցելութիւն մը կազմակերպած։ Մենք ալ կը միանանք իրեն։

Համացանցէն կը ստուգեմ, որ Խաչիկ գիւղը Վայոց Ձորի մարզին մէջ է, մարզկեդրոն Եղեգնաձորէն 40 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, Արփա գետի ձախ կողմը, ծովի մակերեսէն  1800-1900 մեթր բարձրութեան վրայ։ Սահմանամերձ գիւղ է,  երեք կողմէն սահմանակից Նախիջեւանին։ Ըստ 2004֊ի մարդահամարին, հոն կ’ապրին 250 ընտանիք, շուրջ 1000 հոգի։

 

 

 

Առաւօտուն ժամը եօթին ճամբայ կ’ելլենք։ Վարորդ` Հրայրը, մայրը Անահիտը, քոյրը` Անին, Հիլտան, Մարգարը եւ ես։ Կ’ուղղուինք հարաւ: Մինչեւ Արենի Ճամբան ծանօթ է։ Արենիէն աջ կը դառնանք դէպի Խաչիկ գիւղ։ Ասկէ վերջ, ճամբան անակնկալ է մեզի համար։ Թէեւ կուպրապատ եւ կարգին, սակայն անվերջ ոլորաններով անդադար կը բարձրանանք։ Մինչեւ Խաչիկ գիւղ, այլ բնակավայրեր չկան։ Մացառներով ծածկուած բլուրներով շրջապատուած ենք։ Տեսարանը հիանալի է։ Վերջապէս կը հասնինք Խաչիկ։ Ժամը դեռ առաւօտեան տասն է։ Գիւղի հրապարակին շուրջ գիւղացիները կը շտապեն յարդարել իրենց տաղաւարերը։ Հրապարակին մէկ կողմը, Մշակոյթի Տուն֊ Գիւղապետարան միացեալ շէնքն է, միւս կողմը, եկեղեցին։

Դեռ քանի մը ինքաշարժ կայ միայն։ Կը զարմանանք, որ այս մեկուսացած դիրքով գիւղին մէջ ինչպէս կարելի է փառատօն կազմակերպել...

 

 

Մինչեւ կէսօր կայ մեծ եռուզեռ։ Գիւղացիները յարդի հակեր կը տեղաւորէն ամէն կողմ, խրտուիլակներով կը զարդարեն զանոնք,  շուրջ երեք մեթր տրամագիծով գաթայի մաս֊մաս թխուած կտորները կը միացնեն, դէպի տաղաւարները ապրանք կը կրեն... Գիւղացիները լաւ հագուած են, երախաները տօնական հագուստներով եւ կամ հայկական տարազներով, կ’ենթադրեմ աւելի ուշ ելոյթ պիտի ունենան։ Բարձրախօսէն կը լսուին հայրենասիրական երգեր եւ գիւղի պատանիները արդէն շուրջպար բռնած են եւ ախորժակով կը պարեն։

Կէսօրին կը սկսի այցլուներու անհաւատալի հոսքը։ Հանրածանօթ երգիչներու եւ պարախուբերու կողքին, կու գան հազարաւոր հանդիսատեսներ... Այս խուլ անկիւնը այցելողներու թուաքանակը ապշեցուցիչ է։ Ընդհանրապէս հայաստանաբնակներ են, թէեւ կան նաեւ հայ զբօսաշրջիկներ։ Օտարները հազուագիւտ են, թէեւ անգլերէն ցուցանակները կը գերիշխեն...

 

 

Կը սկսի հանդիսութիւնը` երգ ու պար, երախաներու եւ մեծահասակներու մասնակցութեամբ, տեղական եւ մայրաքաղաքէն եկած խումբերու մասնակցութեամբ։ Խանդավառութիւնը մեծ է։ Ժողովուրդը ոտքի վրայ է եւ առաւօտուն բաւական ցուրտ սկսուած օրը արեւոտ եւ ջերմ է։ Քանի մը ժամ կը հետեւինք ելոյթներուն, որոնք որակաւոր են, ապա կ'որոշենք ոլորաններուն վրայ խցանումներ չյառաջացած ճամբայ ելլել։ Հարիւրաւոր ինքնաշարժներ եւ ուղեւորատարներ, փոքր եւ մեծ, շարուած են գիւղի մուտքին։ Թէ ի՞նչ է այս փառատօնի յաջողութեան գաղտնիքը, նկատի ունենալով գիւղի մեկուսացած դիրքը, մեզի համար կը մնայ առեղծուած։

Կը կարդամ, որ այսօր, թարգմանիչներու միջազգային օրն է։

«...Առանց թարգմանիչների՝ մարդկութեան պատմութեան մէջ ամենակարեւոր մասնագիտութիւններից մէկի տէր անձանց, գրական ստեղծագործութիւնները, ֆիլմերը, գիտութեան եւ տեխնիկայի կարեւոր նուաճումները հասանելի չէին լինի ամբողջ աշխարհին եւ որ ամենակարեւորն է՝ մոլորակի տարբեր անկիւններում բնակուող մարդիկ չէին կարողանայ շփուել միմիանց հետ:

«... Տօնի օրուայ ընտրութիւնը պատահական չի եղել. 420թ. Սեպտեմբերի 30-ին մահացել է յայտնի գրող, պատմաբան, թարգմանիչ եւ թարգմանիչների հովանաւոր համարուող Սուրբ Հերոնիմոսը (342-420թթ.), որը լատիներէն է թարգմանել Աստուածաշունչը: Դրանից 1100 տարի անց նրա աշխատութիւնը հռչակուել է որպէս Սուրբ գրքի պաշտօնական լատիներէն թարգմանութիւն»:

Մեր ժողովուրդը տարիներէ ի վեր կը տօնէ թարգմանչած տօնը Հոկտեմբերին։ Ափսոս , որ հոս միայն եկեղեցին կ'անդրադառնայ այս տօնին։

 

 

Այսօր, աշխարհի ճատրակի բաժակին տիրանալէն քանի մը օր վերջ, ճատրակի առաջատար Լեւոն Արոնեանը, մէր գիւղին մօտակայ Սաղմոսավանքին մէջ, ամուսնացաւ իր 11 տարուան ընկերուհի, ֆիլիբինցի` Արիանա Կաոիլիէյի հետ։ Կնքահայրը Հայաստանի նախագահ, ինչպէս նաեւ Ճատրակի Դաշնակցութեան կամ ինչպէս ան կը կոչուի հոս, Շախմատի Ֆեդերացիայի նախագահ` Սերժ Սարգսեանն էր։

Էլիզ Շարապխանեան