Ահաբեկչական պայթում մը գրանցուած է Եգիպտոսի Թանթա քաղաքին մէջ: Ըստ նախնական տուեալներու պայթումը եղած է քաղաքի գլխաւոր «Մար Ճըրճեոս» («Սուրբ Գէորգ») եկեղեցւոյ մէջ: BBC Arabic հաղորդեց, որ քաղաքի գլխաւոր եկեղեցւոյ մէջ պայթումին հետեւանքով ինկած են զոհեր եւ վիրաւորներ:
Նոյն աղբիւրը յայտնած է, որ նախնական տուեալներով պայթումին հետեւանքով զոհուածներուն թիւը հասած է 15 -ի եւ կրնայ բարձրացում գրանցել:
Եգիպտական աղբիւրներ պայթումին մասին խօսելով յայտնած են, որ պայթումը իրականացուած է լարուած ուժանակով մը, որ զետեղուած եղած է եկեղեցւոյ առաջին շարքի նստարանին վրայ:
Յիշեցնենք, որ անցնող նմանատիպ պայթում մը թիրախ դարձուցած էր Գահիրէի «Ալ Ապասիյին» փողոցին վրայ գտնուող Ղըպտիներու գլխաւոր եկեղեցին պատճառ դառնալով քսան զոհերու: