Հակառակ վարչակազմի փոփոխութեան՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կը վստահին Միացեալ Նահանգներու մէջ ձեւաւորուած ժողովրդավարութեան աւանդոյթներուն: Այս մասին, ըստ «Ամերիկայի Ձայն»ին, ըսած է Ղարաբաղի վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան։
«Մենք համոզուած ենք, որ ամերիկեան ձեւաւորուած աւանդոյթները կը յուշեն, որ ազգերու ինքնորոշումը կամ ժողովրդավարութիւնը աւելի կը գերադասուին եւ ընդհանուր առմամբ, խաղաղութիւնը աւելի կը գերադասուի»,- ընդգծած է Յարութիւնեան:
Վերջերս, ելոյթ ունենալով Ուաշինկթընի մէջ, ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի հայ-ամերիկեան բարեկամութեան խումբին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկին, վարչապետ Յարութիւնեան ընդգծած է, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցով Միացեալ Նահանգները միշտ փորձած է հանդէս գալ մեկնելով տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգերու ինքնորոշման սկզբունքներէն.
«Մեր սպասելիքը այն է, որ շարունակեն այն, ինչ անոնք ունեցած են վերջին 20 տարիներու ընթացքին` առանց կտրուկ արմատական փոփոխութեանց»:
Մեկնաբանելով ղարաբաղեան կողմին մօտեցումները` Քոլորատոյի համալսարանի վերլուծաբան Ճոն Օլոկլին յիշեցուցած է, որ անոնց անհրաժեշտ է մօտենալ ամենայն լրջութեամբ` տեւական խաղաղութեան հասնելու համար. «Այնտեղ ապրող մարդիկ ունին ձեւաւորուած մօտեցումներ եւ անոնց անտեսումը շատ մեծ սխալ պիտի ըլլայ»:
Վիրճինիայի ճարտարագիտական համալսարանի փորձագէտ Ճերարտ Թոլի կարծիքով, ղարաբաղեան խնդիրին կարգաւորումը կրնայ քննարկուիլ աւելի լայն շրջանակով. «Անհրաժեշտ է Եւրոպական անվտանգութեան ճարտարապետութեան համապարփակ քննարկում: Եւ շարք մը հակամարտութիւններ Եւրոպայի մէջ` Ղրիմը, Մերձտնեսթրը, Վրաստանի տարածքի խնդիրներն ու Լեռնային Ղարաբաղը, կրնան իսկապէս կարգաւորուիլ»:
Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճան կը մեղադրէ հայկական կողմը ոչ կառուցողական դիրքորոշման եւ իրական փոխզիջման բացակայութեան մէջ, եւ կը նշէ, որ ղարաբաղեան գօտիին վրայ բախումները հայկական կողմի դիրքորոշման հետեւանք են: Արայիկ Յարութիւնեան, այս առիթով նշած է, որ յառաջիկայ բանակցութիւններէն՝ Ղարաբաղի մէջ չեն ակնկալեր լուրջ յառաջընթաց, ուստի, չեն տեսներ նաեւ խաղաղարար ուժերու տեղակայման կարիք.
«Քանի որ չկան բանակցութիւններ, նաեւ այդ գործօնը կը բացառուի: Եթէ չկայ որեւէ յառաջընթաց, խաղաղապահ ուժերուն դերն ալ կը դառնայ ոչ էական»,- նշած է Արցախի Հանրապետութեան վարչապետը:
Նախորդ շաբաթ Համպուրկի մէջ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները կոչ ըրած էին ղարաբաղեան հակամարտութեան կողմերու ղեկավարներուն՝ «ճկունութիւն ցուցաբերելու եւ վերադառնալու բանակցային սեղանի շուրջ»: