Գերմանիոյ գործող վարչապետ Անկելա Մերքէլի եւ Գերմանիոյ սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութեան (ԳՍԴԿ) վարչութեան կողմէ վարչապետի պաշտօնի համար առաջադրուած թեկնածու Մարթին Շուլցի վարկանիշները հաւասարած են: «Ռիա նովոսթի»-ն կը գրէ, որ այս մասին կը վկայեն «DeutschlandTrends Extra»-ի սոցհարցման արդիւնքները, որ կատարուած է ARD հասարակա-իրաւական հեռուստաալիքի պատուէրով:
Այդ տուեալներու համաձայն, գերմանացիներու 41 տոկոսը Մերքէլին կը պաշտպանէր վարչապետի ուղղակի ընտրութիւններու պարագային, համանման աջակցութիւն (41%) ունի նաեւ Շուլցը: Քաղաքացիներու 64%-ը Եւրախորհրդարանի նախկին ղեկավարին վարչապետի լաւ թեկնածու կը համարէ սոցիալ-դեմոկրատներէն: Գերմանացիներու գրեթէ 80%-ը դրական քայլ կ'որակէ ԳՖՀ-ի վարչապետի թեկնածու առաջադրուելէ հրաժարելու ԳՍԴԿ-ի առաջնորդ Զիկմար Կապրիէլի որոշումը:
Պունտեսթակի ընտրութիւնները նշանակուած են 2017 թուականի 24 սեպտեմբերին: Անոնց արդիւնքներով պիտի կազմաւորուի կառավարութիւնը եւ յայտարարուի վարչապետը։