image

Գերմանիշակագոյն ճառագայթներ.Կամ ինչպէս պայքարիլ վարակին դէմ հանրային վայրերու մէջ

Գերմանիշակագոյն ճառագայթներ.Կամ ինչպէս պայքարիլ  վարակին դէմ   հանրային վայրերու մէջ

Ճափոնի մէջ,  ընկերային ցանցերու միջոցաւ տարածուած է տեսահոլովակ մը, որ կը ցուցադրէ, թէ մանրէներն ու ժահրերը որքան դիւրիւթեամբ կը տարածուին ճաշարաններուն մէջ, ուր միայն մէկ վարակակիր կը գտնուի:

NHK  անունով  յայտնի Ճափոնի ազգային կազմակերպութիւնը, առողջապահութեան մասնագէտներուն հետ համատեղ, կատարած են այս փորձը ճաշարանի մը եւ զբօսանաւի մը մէջ, ուր կը ժամանեն 10 անձեր, ներառեալ մէկ վարակակիր, եւ սովորականին պէս ճաշ կ'ապսպրեն եւ կ'ուտեն առանց նկատի առնելու վարակի  գոյութեան  հաւանականութիւնը:

 

Ապա այդ մասնակիցները կը տեղադրուին գերմանիշակագոյն ճառագայթներու տակ, որոնք կը լուսաւորեն այն բծերը, ուր տարածուած է վարակը: Մանրէները լուսաւորող յատուկ նիւթերը ցոյց կու տան, որ մանրէները ներկայ են սնունդին, պնակներուն, ապակեղէններուն, նոյնիսկ որոշ մասնակիցներու դեմքերուն ու ձեռքերուն վրայ:

 

Ճիշդ է որ այս տեսակի փորձեր նորութիւններ չեն, սակայն Հոնկ Քոնկի համալսարանի ախտաբանութեան փրոֆեսոր Ճոն Նիքոլզ, Ամերիկեան «CNN»-ին ըսած է, որ այս փորձերը կ'ապացուցեն ժահրի արագ տարածումը, մանաւանդ, ոչ լուացուած ձեռքերով: Մասնագէտները կ'անդրադառնան ձեռքերը լուալու եւ մաքուր պահելու կարեւորութեան:

 

Նիւթը ՝«Ալ Նահար»էն

Թարգմանեց ՝ Թ. Գ.