Գերմանիան պիտի սկսի դուրս բերել իր զօրախումբը թրքական Ինճիրլիքէն: «Մեզի այլ բան չի մնար ընել», - ժամեր առաջ յայտարարած է արտաքին գործերու նախարար Զիկմար Կապրիէլը՝ Անգարայի մէջ թուրք գործընկերոջ հետ հանդիպումէն ետք:
Կապրիէլը Անգարա ժամանած էր՝ վերջին անգամ մը յորդորելու Թուրքիոյ իշխանութիւններուն թոյլ տալ Պունտեսթակի պատգամաւորներու մուտքը ռազմակայան, ուր շուրջ 250 գերմանացի զինուոր տեղակայուած է: Դռնփակ բանակցութիւնները, սակայն, ըստ էութեան արդիւնք չեն տուած:
«Իմ թուրք գործընկերը բացատրեց, որ այս իրավիճակին մէջ Թուրքիան չի կրնար արտօնել գերմանացի օրէնսդիրներու մուտքը Ինճիրլիք՝ ներքաղաքական պատճառներով: Կը ցաւիմ անոր համար: Միւս կողմէ,ես ալ խնդրեցի ըմբռնումով մօտենալ այն փաստին, որ նոյն այդ՝ ներքին հարցերու պատճառով Գերմանիան ալ պէտք է դուրս բերէ իր զինուորները Ինճիրլիքէն: Գերմանիոյ մէջ բանակը խորհրդարանին կ'ենթարկուի եւ Պունտեսթակը յստակ կը պահանջէ, որ պատգամաւորները կարենան տեսակցիլ զինուորներուն հետ, որեւէ ժամանակ», - ըսած է Զիկմար Կապրիէլը:
Կապրիէլը նշած է, որ Պերլին վերադառնալուն պէս կառավարութեան ու խորհդարանին պիտի ներկայացնէ այս այցի արդիւնքները, որմէ ետք արդէն պիտի սկսի զինուորներու դուրսբերումը: «Մենք կ'ուզէինք, որ այս գործընթացը խաղաղ անցնի»,- հրաժեշտէ առաջ յայտարարած է Գեմանիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն, օգտագործելով դիւանագիտական լեզուն, հաւաստիացուց՝ Անգարան որեւէ խնդիր չունի Գերմանիոյ հետ, որ իր ամենամեծ առեւտրային գործընկերն է, սակայն կան հարցեր, որոնք չեն կրնար անտեսուիլ: Չաւուշօղլուն չթաքցուց՝ Անգարային ամենաշատ զայրացուցած է Էրտողանի աւելի քան 400 ընդդիմախօսներուն ապաստան տալու՝ Գերմանիոյ իշխանութիւններու որոշումը:
«Մենք չէինք ուզեր տեսնել՝ ինչպէս բարեկամական երկիր Գերմանիան ապաստան կու տայ հարիւրաւոր կիւլէնականներու ու անցած տարուայ յեղափոխութեան փորձը կազմակերպելու մէջ կասկածուող զինուորականներու: Անոնք, որոնց ապաստան յայցած են, որպէսզի խուսափին թրքական արդարադատութենէն, պէտք է արտայանձնուին», - յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը, ընդգծելով՝ «եթէ Գերմանիան մէկ քայլ առաջ ընէ դէպի մեզի, մենք երկուքը կ'ընենք»:
Այս պահուն, սակայն, ընդառաջ քայլերու մասին որեւէ ակնարկ չկայ, ճիշդ հակառակը: «Reuters» լրատուական գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ գերմանական զօրախումբը Ինճիրլիքէն դուրս բերելու՝ Զիկմար Կապրիէլի յայտարարութենէն ետք Թուրքիոյ վարչապետը չեղարկած է անոր հետ նախատեսուած հանդիպումը՝ պատճառաբանելով, թէ խիստ ծանրաբեռնուած է: Այդուամենայնիւ, առայժմ ուժի մէջ կը մնայ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարի հանդիպումը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանի հետ, որ ամիսներ առաջ դեռ Գերմանիոյ իշխանութիւններուն հրապարակաւ ֆաշիսթ ու նացիսթ կ'որակէր: