Գահիրէի ներքին անվտանգութեան վարչութեան քրէական հետախուզութեան մարմինները երեխաներու առեւանգման եւ զանոնք արաբ մեծահարուստներու վաճառման գործողութիւններ բացայայտած են, կը գրէ «Lebanon 24» լրատուական կայքը:
Ալ Ճիզայի եւ Գահիրէի անվտանգութեան վարչութիւններու համատեղ հետախուզական գործողութեան արդիւնքով ձերբակալուած է երկու անձ:
Վերջիններս մէկ ընտանիքէ երկու երեխայ առեւանգելով կը պատրաստուէին զանոնք ներկայացնել արաբ մեծահարուստներու հետ համագործակցող միջնորդին, եւ ընտ նախատեսուածի, իւրաքանչիւր երեխայի դիմաց 150 հազար եգիպտական ֆունտ պիտի ստանային:
Աղբիւրին համաձայն, ձերբակալուողները բանուոր մը եւ վարորդ մըն են, որոնք 5 եւ 6 տարեկան հօրեղբօրորդիները առեւանգած էին, երբ վերջիններս փողոցը կը խաղային:
Ձերբակալուողները խոստովանած են, որ կը պատրաստուէին իւրաքանչուր երեխան 150 հազար եգիպտական ֆունտի դիմաց վաճառել մեծահարուստ արաբներու: