image

Ֆրանսացի Երեք Զինուորներ Զոհուած Են Մալիի Մէջ

Ֆրանսացի Երեք Զինուորներ Զոհուած  Են Մալիի Մէջ

Ֆրանսայի նախագահական Պալատը յայտնած է, թէ Մալիի մէջ ծառայող իր ոյժերէն երեք զինուորներ մահացած են, երբ իրենց զինուրական մեքենայով անցած են ականի մը վրայէն: Ֆրանսայի Նախագահ՝ Ֆրանսուս Հոլանտը իր ցաւակցութիւն յայտնած է իր երկրի այս կորուստին համար: Էլիզէյի Պալատը երէկ յայտնած էր, թէ պայթումի մը հետեւանքով մէկ զինուոր զոհուած է եւ երեք ուրիշներ վիրաւորուած, որոնցմէ երկուքին վիճակը խիստ ծանր է: Զոհուածները կը պատկանէին ֆրանսական Պարխան զօրախումբին, որ 3500 հոգիներ կը հաշուէ: Այս զօրախումբը հինգ երկիրներու մէջ կը գործէ, պայքարելով ահաբեկիչներուն դէմ: Այդ երկիրներն են Պորքինա Վասօ, Մալի, Մորիթանիա, Նիժէր եւ Չատ: