image

Եւորպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Դատապարտեց Պելճիքան Հարուածած Ահաբեկչութիւնը

Եւորպայի  Հայ Դատի Յանձնախումբը  Դատապարտեց Պելճիքան Հարուածած  Ահաբեկչութիւնը

ՀՅԴ Երոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը  երէկ  Պէլճիքան ցնցած  ահաբեկչութեան   առընթեր հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է, ուր մասնաւորապէս կ'ըսուի «ՀՅԴ Երոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը    եւ աշխատակիցները, Պելճիքայի Հայ Դատի յանձնախումբը խորապէս սրտնեղած են Պրիւքսելի եւ Զաւենթեմի միջազգային օդակայանի այսօրուան ահաբեկչական ցաւալի յարձակումներէն: Ապահով ենք, սակայն վրդոված: Շնորհակալ ենք բոլոր անոնց, որոնք հեռաձայնեցին եւ զօրակցական պատգամներ ուղարկեցին: Կը ցաւակցինք անմեղ կեանքերու կորուստին, եւ մեր մտածումները եւ աղօթքները կ’ուղղենք անոնց ընտանիքներուն եւ բարեկամներուն: Այսօրուան աշխարհին մէջ վայրագութիւնը եւ ատելութիւնը տեղ չունին…: Եւրոպայի տարածքին մեր ամբողջ կազմակերպութիւններուն անունով, մեր զորակցութինը կը յայտնենք Պելճիքայի թագաւորութեան եւ համայն բնակչութեան ահաբեկչութեան դէմ պայքարին եւ այս վախկոտ արարքները յաղթահարելու մէջ»: