image
Հրատապ լուրեր:

Եւրոպական կոշտ ուղերձ Թուրքիոյ…եւ պատժամիջոցներու սպառնալիք

Եւրոպական կոշտ ուղերձ Թուրքիոյ…եւ պատժամիջոցներու սպառնալիք

Պրիւքսէլի մէջ Եւորպական Միութեան առաջնորդները այսօր, կոշտ ուղերձ մը յղած են Թուրքիոյ՝ պատժամիջոցներ կիրառելու սպառնալիքով, եթէ վերջինս չդադրեցնէ Կիպրոսի ջրային տարածքներուն մէջ ապօրինի հետախուզական գործողութիւնները:

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը՝ Ուրսուլա Ֆոն Տէր Լայէնը նախազգուշացուցած է, թէ «Թուրքիան պէտք է դադրեցնէ իր միակողմանի գործողութիւնները: Եթէ այդ գործողութիւնները շարունակուին, մենք մեր բոլոր հասանելի գործիքները կ'օգտագործենք»: