Պրիւքսէլի մէջ Եւորպական Միութեան առաջնորդները այսօր, կոշտ ուղերձ մը յղած են Թուրքիոյ՝ պատժամիջոցներ կիրառելու սպառնալիքով, եթէ վերջինս չդադրեցնէ Կիպրոսի ջրային տարածքներուն մէջ ապօրինի հետախուզական գործողութիւնները:
Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահը՝ Ուրսուլա Ֆոն Տէր Լայէնը նախազգուշացուցած է, թէ «Թուրքիան պէտք է դադրեցնէ իր միակողմանի գործողութիւնները: Եթէ այդ գործողութիւնները շարունակուին, մենք մեր բոլոր հասանելի գործիքները կ'օգտագործենք»: