Եւրոպական Խորհրդարանը (ԵԽ) քիչ առաջ որոշում մը կայացուց Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները սառեցնելու վերաբերեալ: Այս մասին լուրը փոխանցեց «Ռօյթըրզ» նշելով նաեւ, որ բանակցութիւնները կը վերաբերէին Թուրքիոյ ԵԽ-ին անդամակցութեան խնդրին: Լրատուական այլ աղբիւրներ խնդրին մասին խօսելով նկատել տուին, որ բանակցութիւններու սառեցման հիմնական կէտը կը վերաբերի Թուրքիոյ մէջ մահապատիժի կիրառման վերադարձին վերաբերեալ Անգարայի մօտ տիրող դրական տրամադրութիւններուն: