image

«Ես յոյսով եմ, որ պատիւով կը կրեմ պատերազմին մասնակցած մեծ հօրս անունը»Վարչապետ Փաշինեան

«Ես յոյսով եմ, որ պատիւով կը կրեմ  պատերազմին մասնակցած  մեծ  հօրս անունը»Վարչապետ  Փաշինեան

Յաղթանակի օրը տօն է, որ կը միաւորէ ամբողջ քաղաքակիրթ հասարակութիւնը: Այն կարեւոր է ոչ միայն ԱՊՀ եւ յետխորհրդային երկիրներու, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի բոլոր պետութիւններու համար: «Միր» հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցի ժամանակ այդ կարծիքը արտայայտած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

Ան պատմած է, որ պապը՝ Նիկոլ Փաշինեանը, գացած է պատերազմ, երբ իր հայրն ընդամէնը մէկ տարեկան էր: Ընտանիքին մէջ պահպանուած են միայն քանի մը լուսանկարներ եւ փոքրաթիւ պատմութիւններ անոր մասին: Նիկոլ Փաշինեան աւագի մասին յայտնի է, որ ան 138 ջոկատի 554 հրաձգային գունդի սերժանտ էր:

Փաստաթուղթերէն մէկուն մէջ նշուած է, որ ան զոհուած է 1943 թուականի փետրուարին, այլ փաստաթուղթեր կը վկայեն, որ ան անհետ կորած է. վարկածներէն մէկով՝ Սթալինկրատի մէջ, միւսով՝ Ղրիմի:

«Ռազմաճակատին զոհուած, անհետ կորած իմ պապի քանի մը խամրած, հին լուսանկարներ. ահա այն ամէնը, ինչ մենք ունինք: Այն շատ արժէքաւոր յիշողութիւններ են մեր ամբողջ ընտանիքի համար: Ես յոյսով եմ, որ պատուով կը կրեմ պատերազմի մասնակից իմ պապի անունը»,-ընդգծած է վարչապետը:

Ան հաւելցուցած է, որ հայ հասարակութիւնը չի մոռանար Հայրենական մեծ պատերազմի հերոսները: Անոնց անունով կոչուած են մայրաքաղաքի գլխաւոր պողոտաները եւ գրեթէ բոլոր քաղաքներուն մէջ տեղադրուած են յուշարձաններ: Այդ ծիրէն ներս վարչապետը նշած է, որ 9 մայիսին, հակառակ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին, երկրին մէջ կը կատարուին տօնական միջոցառումներ, պիտի կայանայ կործանիչներու շքերթ, իսկ 208 վեթերաններ պիտի ստանան պատուաւոր պարգեւավճարներ աւելի քան 600 տոլարի չափով:

«Մարդկային գիտակցութեան բարձրագոյն աստիճանը զոհուիլն է յանուն հայրենիքի, եւ Հայրենական մեծ պատերազմի հերոսներն ապացուցած են, որ հասած են այդ գիտակցական աստիճանին»,-ընդգծած է վարչապետը: