Աշխարհի տարբեր երկիրներէն հազարաւոր քրիստոնեաներ, այդ շարքին՝ հայեր, Երուսաղէմի Տիրոջ գերեզմանի վանքին մէջ քանի մը ժամ տեւած աղօթքներէն ետք ականատես եղած են Սրբագործ կրակի իջնելու հրաշքին, կը յայտնէ ԹԱՍՍ-ի թղթակիցը Երուսաղէմէն:
Սրբագործ կրակը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի յարութեան աստուածային լոյսը: Ամէն տարի կրակը կը վառի Տիրոջ գերեզմանի վանքի մէջ՝ Սուրբ Զատկի նախօրէին:
Քրիստոնեաները մոմեր կը վառեն Սրբագործ կրակէն եւ կրակը կը բաժանեն հարեւաններուն։ Վայրկեաններու ընթացքին կրակը կը տարածուի ամբողջ տաճարին մէջ, կը սփռուի անոր առջեւ գտնուող հրապարակին մէջ, կ'ընթանայ հարեւան նրբանցքներով։
Իսրայէլական ոստիկանութիւնը կը հերթապահէ քաղաքի բոլոր դարպասներուն եւ եկեղեցւոյ մօտ` հրմշտոցը եւ այլ միջադէպեր կանխելու համար:
Կը կարծուի, որ եկեղեցին կառուցուած է այն նոյն տեղը, ուր, Աստուածաշունչի համաձայն, դրուած է Յիսուս Քրիստոսի մարմինը, ապա յարութիւն առած: Եկեղեցւոյ մէջ իւրաքանչիւր տարի կը կատարուի հանդիսաւոր արարողութիւն:
Երուսաղէմի սրբավայրերու պահպանութիւնը համատեղ կ'իրականացնեն Յոյն Ուղղափառ, Հայ Առաքելական եւ Կաթոլիկ եկեղեցիները:
Նշենք, որ Հայ Առաքելական եկեղեցին Սուրբ Զատկի տօնը նշած է մէկ շաբաթ առաջ՝ 21 ապրիլին: