image

Էրտողանի մշտական յոյսը Իսթանպուլն է. New York Times -ի արձագանգը

Էրտողանի մշտական յոյսը  Իսթանպուլն է. New York Times -ի արձագանգը

Իշխանութեան մէջ վեր բարձրանալու 17 տարիներուն Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը միշտ կրցած է յոյսը դնել Իսթանպուլի վրայ, ուր սկսած է քաղաքական ասպարէզը 1990-ականներուն որպէս քաղաքապետ։ «Ով յաղթէ Իսթանպուլի մէջ, ան ալ կը շահի Թուրքիոյ մէջ»,- ըսած է Էրտողանը, կը գրէ NYT-ը։

Ուստի, երբ 31 մարտին ընդդիմութիւնը յաղթեց Իսթանպուլի մէջ տեղական ինքնակառավարման համազգային ընտրութիւններուն, այդ յաղթանակը լուրջ հարուած հանդիսացաւ Էրտողանի աւելի մենատիրական դարձող կառավարման։ Աւելի մեծ հարուած հասցուեցաւ, երբ Էրտողանը չեղարկեց ընտրութիւնները։ Այն, ինչ տեղի պիտի ունենայ յետոյ, կրնայ բեկումնային ըլլալ անոր կառավարման համար:

Մինչ Էրտողանի տիրապետութիւնը եւ նոր լայն լիազօրութիւնները, որոնք ան ստացաւ անցեալ տարուան ընտրութիւններուն, լրջօրէն թուլացուց ժողովրդավարութիւնը Թուրքիոյ մէջ, թուրքերը հիմնական կը շարունակէին քուէատուփը ընկալել որպէս տեղ, ուր կրնան արտայայտել իրենց կարծիքը։ Տպաւորիչ աճէն ետք Թուրքիոյ տնտեսութեան անկման հետ կապուած՝ կ'ակնկալէր, որ ԱԶԿ-ն պիտի պարտուի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն, եւ այդպէս ալ եղաւ։ Բացի Իսթանպուլէն՝ կուսակցութիւնը կորսնցուց վերահսկողութիւնը Անգարայի եւ քանի մը նահանգներու հանդէպ։

Բայց Իսթանպուլի կորուստը կատղեցուց Էրտողանը։ Ապրիլի կէսին ընտրական մարմինները հաստատեցին, որ ընդդիմութեան թեկնածու Էքրէմ Իմամօղլուն յաղթած է ԱԶԿ թեկնածու Պինալի Եըլտըրըմին։ Պարտութիւնը ԱԶԿ-ի մէջ լուրջ վէճերու առիթ դարձաւ արդիւնքները վիճարկելու համար։ Սկիզբը արդիւնքներուն համաձայնած Էրտողանը այնուհետեւ սխալ որոշում կայացուց։ Երկուշաբթի Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդը, որու անկախութիւնը բաւական կասկածելի է, ենթարկուցաւ ԱԶԿ-ին եւ որոշեց Իսթանպուլի քաղաքապետի կրկնակի ընտրութիւններ իրականացնել։ 

Որոշումը ճիշդ չէ մի քանի պատճառներով։ Ամենաակնյայտը այդ ամբողջ գործընթացի կեղծ ըլլալն է։ Խորհուրդը արդէն մասնակի հաշուարկ կատարած էր, եւ խնդիրը ծագած էր աննշան թեխնիքական վրիպակի պատճառով։ Եւրոպացի ղեկավարները դատապարտած են այս քայլը Ֆետերիքա Մուքերինիի՝ Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարի գլխաւորութեամբ, որ ըսած է, որ ընտրութիւններու արդիւնքներու չեղարկումը «կը հակասէ դեմոկրատական ընտրական գործընթացի հիմնական նպատակին»։

Նախ՝ վիճարկելով քուէարկութիւնը, ուր ան ակնյայտօրէն տանուլ տուած էր, Էրտողանը ցուցադրած է իր թուլութիւնը՝ այդպիսով իսկ զգալիօրէն զօրացնելով Իմամօղլուի ընդդիմութիւնը։ Հազիւ որոշումը յայտարարուեցաւ, մարդիկ դուրս եկան Իսթանպուլի փողոցներ՝ կաթսաներուն ու տապակներուն հարուածելով եւ սուլելով ի նշան բողոքի։

Էրտողանի որոշումը աւելի թուլացուց թրքական լիրայի դիրքերը, ինչը յանգեցուց արտասահմանեան ապրանքներու գիներու բարձրացման եւ գնաճի։

Կրկնակի ընտրութիւնները նշանակուած են 23 յունիսին, եւ Էրտողանը, ամկասկած, գործի պիտի դնէ իր ամբողջ քաղաքական զինանոցը, որպէսզի համոզուի, որ իր մարդը պիտի յաղթէ։ Բայց Իմամօղլուն՝ աշխարհիկ Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութեան պահպանողական թեկնածուն, ըլլալով Էրտողանի ուշադրութեան կեդրոն՝ ներկայիս աւելի կը զօրանայ։

Որոշ ոչ մեծ ընդդիմադիր կուսակցութիւններ դուրս մնացած են ընտրարշաւէն՝ մեծցնելով Իմամօղլուի յաղթանակի առիթը։

Էրտողանը եւ ԱԶԿ-ն մեծ վնաս հասցուցած են ժողովրդավարութեան Թուրքիոյ մէջ։ Բայց Իսթանպուլի մէջ անոնք համը հանած են։ Եթէ ԱԶԿ-ը յաղթանակի յաւակնի, սկիզբէն ան խարխուլ կըլլայ, քանի որ հիմնուած կ'ըլլայ ուժեղ ձեռքի վրայ։ Կամ ալ թերեւս նորէն Իմամօղլուն կը յաղթէ։