image

Էրտողան-Ռոհանի նոր «թէժ» գիծ. Անգարա «մտահոգ» է Թեհրանի կացութեամբ

Էրտողան-Ռոհանի նոր «թէժ» գիծ. Անգարա «մտահոգ» է Թեհրանի կացութեամբ

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան երէկ յայտարարած է, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի հետ զրոյցի ընթացքին վերջինս յայտնած է, որ Իրանի մէջ իրավիճակը մէկ կամ երկու օրուան ընթացքին պիտի կարգաւորուի:

Էրտողան նախքան Փարիզ մեկնիլը ֆրանսական «LCI» հեռուստակայանին հետ ունեցած զրոյցի ժամանակ փոխանցելով իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու համոզմունքը նշած է, որ Իրանի մէջ տեղի ունեցած ցոյցերու ետին օտարազգի հրահրողներ կանգնած են: