France 24 հեռատեսիլի կայանը հարցազրոյց մը կատարելով Թուրքիոյ նախագահին հետ՝ Իրաքի հիւսիսը նախատեսուածին օրինակով՝ Թուրքիոյ մէջ եւս քրտական անկախութեան հանրաքուէի մը հաւանականութեան մասին հարցում յղած է անոր:
Վերջինս պատասխանելով՝ նախ ըսած է, թէ Իրաքի քրտական մարզին այդ որոշումը շատ սխալ է եւ թէ անոնք «պիտի զղջան»: Ապա, թրքական շատ գռեհիկ բառով մը, որ կը համապատասխանէ «քիչ մը դժուար կ՚ընեն» արտայայտութեան, ըսած է թէ նման բան երեւակայել Թուրքիոյ մէջ եւս՝ ուղղակի անկարելի է:
«Թուրքիոյ մէջ ո՞ւր պիտի կատարուի ատիկա։ Հոս «քիչ մը դժուար» կ՚առնեն նման քայլ։ Անոնք, որոնք Թուրքիոյ մէջ նման նախաձեռնութեան պատրաստ են՝ ցայսօր արդէն ըրած կ՚ըլլային։ Սա պահուս շատ սուղ կը վճարեն ատոր գինը։ Այս երկրին մէջ նման քայլի համար ոչ հող կայ, ոչ ալ կառոյց։ Հոն (Իրաք - «ՆՅ») կայ մարզ մը։ Այդ մարզը առաւ այդ քայլը։ Թուրքիա միասնական կառոյցի տէր երկիր է։ Թուրքիոյ միասնական այս կառոյցը խախտելու՝ ո՛չ ոեւէ մէկու ուժը կը բաւէ, ո՛չ ալ միջոցներ կան։ Այսօր [Թուրքիոյ] հարաւարեւելքը եւ արեւելքը ոչ մէկ հարց գոյութիւն ունի։ Ամէն ոք խաղաղ է, շրջանի ամբողջ բնակչութիւնը իր գործով կը զբաղի։ Քաղաքային բարեփոխումներու ծիրին մէջ՝ կը վերանորոգենք, կը կառուցենք։ Թուրքիա գեղեցիկ կողմ մը ունի։ Գիտէք ո՞րն է։ Թուրքիոյ մէջ քրտականութիւն գոյութիւն չունի։ Այլ՝ Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունի Քիւրտ, Թուրք, Լազ, Պոսնիացի, Զազա… բայց բոլորը մէջ-մէջի կ՚ապրին։ Նախ եւ առաջ մենք մէկ ենք, միասին ենք, եղբայր ենք։ Այս տարբերութիւնները դուք կրնաք հոն (Իրաքեան Քիւրտիստան - «ՆՅ») տեսնել, բայց ոչ՝ հոս։ Այս բոլոր պատճառներով՝ Թուրքիա երբեք չի կրնար նման բանի մէջ մտնել, արդէն այդպիսի բանի առիթ ալ չենք տար»,- ըսած է Էրտողան:
«Նոր Յառաջ»