Էրտողան հերթական անգամ կը սպառնայ. Աֆրինէն ետք դէպի Այն Արապ, Գամիշլին եւ Մընպէճ
Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան յայտարարած է, որ թրքական բանակը կարողացած է «չէզոքացնել» 3213 ահաբեկիչ՝ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան ծիրէն ներս, որ իրականցուցած է Սուրիոյ հիւսիս արեւմտեան շրջանին մէջ գտնուող «ահաբեկիչ»ներուն դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք»ը:
Էրտողան նաեւ նշած է, որ թրքական զօրքերը Աֆրինէն ետք, «ահաբեկիչներէն» պիտի մաքրազերծէ նաեւ Արաբունարը, Գամիշլին եւ Մընպէճը:
Ան այս մասին յայտարարած էր շաբաթ օր, Մէրսինի մէջ «Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան» (AKP) անդամներուն ուղղած ելոյթին մէջ, ուր նաեւ ըսած է. « «Ձիթենիի Ճիւղ» գոծողութեան ծիրէն ներս չէզոքացուած ահաբեկիչներու թիւը հասած է 3213-ի, ինչպէս նաեւ անոնցմէ մաքրուած է 900 քիլոմեթր տարածք», ընդգծելով, որ թրքական բանակը կը շարունակէ յառաջախաղացքը դէպի Աֆրին քաղաքի կեդրոն: