image

Էրտողան հերթական անգամ կը սպառնայ. Աֆրինէն ետք դէպի Այն Արապ, Գամիշլին եւ Մընպէճ

Էրտողան  հերթական  անգամ կը սպառնայ.  Աֆրինէն ետք դէպի Այն Արապ, Գամիշլին եւ Մընպէճ

Էրտողան  հերթական  անգամ կը սպառնայ.  Աֆրինէն ետք դէպի Այն Արապ, Գամիշլին եւ Մընպէճ

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան յայտարարած է, որ թրքական բանակը կարողացած է «չէզոքացնել» 3213 ահաբեկիչ՝ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան ծիրէն ներս, որ իրականցուցած է Սուրիոյ հիւսիս արեւմտեան շրջանին մէջ գտնուող «ահաբեկիչ»ներուն դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք»ը:

Էրտողան նաեւ նշած է, որ թրքական զօրքերը Աֆրինէն ետք, «ահաբեկիչներէն» պիտի մաքրազերծէ նաեւ Արաբունարը, Գամիշլին եւ Մընպէճը:

Ան այս մասին յայտարարած էր շաբաթ օր, Մէրսինի մէջ «Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան» (AKP)  անդամներուն ուղղած ելոյթին մէջ, ուր նաեւ ըսած է. « «Ձիթենիի Ճիւղ» գոծողութեան ծիրէն ներս չէզոքացուած ահաբեկիչներու թիւը հասած է 3213-ի, ինչպէս նաեւ անոնցմէ մաքրուած է  900 քիլոմեթր տարածք»,   ընդգծելով, որ թրքական բանակը կը շարունակէ յառաջախաղացքը դէպի  Աֆրին քաղաքի կեդրոն: