image
Հրատապ լուրեր:

Երիտասարդ Խոհարարուհի՝ Ժիւլիա Սէտէֆճեան Արժանացած է «Միղըլէն»ի Մեծարժէք Աստղին

Երիտասարդ Խոհարարուհի՝ Ժիւլիա Սէտէֆճեան Արժանացած է «Միղըլէն»ի Մեծարժէք Աստղին

Ֆրանսայի հանրածանօթ «Միշըլէն» ուղեցոյցը, որ խոհարարական ոլորտէ ներս աստղեր կը բաշխէ երկրին լաւագոյն խոհարարներուն, նաեւ աստղ մը պարգեւած է 21 ամեայ հայազգի Ժիւլիա Սէտէֆճեանին, որ կը դառնայ աստղի տիրացող ամէնէն երիտասարդ վարպետ խոհարարը:
Սէտէֆճեան Փարիզի «Լէ Ֆապլը տէ Լա Ֆոնթէն» նշանաւոր ճաշարանի խոհարարուհին է, որ մասնագիտացած է ձկնեղէնի ճաշատեսակներուն մէջ:
Երիտասարդուհին Նիսէն է: Այս մասին, ֆրանսական մամուլին մէջ կ'ըսուի, թէ ծագումով հայ եւ սիկիլիացի երիտասարդուհիին խոհանոցը բնականաբար կը կրէ իր ծնած շրջանին բոյրը: