Ցնցումը զգալի եղած է ամբողջ համայնքի՝ Փարաքար եւ Թաիրով գիւղերուն մէջ, բայց չէ եղած որեւէ աւերածութիւն։ Այս մասին Tert.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Արմաւիր մարզի Փարաքար համայնքի ղեկավար՝ Դաւիթ Մինասեան՝ անդրադառնալով երէկ տեղի ունեցած երկրաշարժին։
«Բնակչներով նշում էինք Տեառնընդառաջը, ցնցման պահին մարդկանց մեծ մասը դրսում է եղել, ցնցումն անցել է անցնցում։ Խուճապ չկայ, գիւղում։ Յետցնցումներ եւս զգացուել են»,-ըսած է Մինասեան։
Համայնքապետի խօսքով՝ չեն եղած այնպիսի քաղաքացիներ, որոնց ինքնազգացողութիւնը վատացած է։
Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով։