Շուշան Արթինեան-Թոքաթլեան իր հեղինակած յուշագիրքի ներածականին մէջ կþըսէ, որ ինք նախապէս կը կարծէր, թէ թուրքերը հայեր կոտորած են միայն 1915-էն 1923 շրջանին (ի դէպ, մեր ազգի զաւակներէն շատ-շատեր դեռ այդպէս կը կարծեն - Յ. Ի.): Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գիրքեր եւ թերթեր կարդալէ յետոյ ան իմացած է, որ թուրքերը հայոց զանգուածային սպանութիւններ կատարած են 1915-էն առաջ ալ:
Այս անհերքելի ու անթիւ վկայութիւններով հանդերձ, թրքական յաջորդական կառավարութիւնները ուրացումի քաղաքականութիւն մը որդեգրած են մինչեւ օրս` հերքելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը ու փորձելով լռեցնել այս մասին արտայայտուողները: 19-րդ դարու կէսերէն մինչեւ այսօր թուրքին մտայնութեան մէջ բան չէ փոխուած: Ներկայիս թուրքերը հայկական մշակոյթի ցեղասպանութիւն ի գործ կը դնեն. թուրքը հայկական պատմական յուշարձանները կը քանդէ Հայաստանի գրաւուած մասերուն մէջ: Ան կը փորձէ տարածքին հայոց պատկանելիութիւնը ապացուցող ամէն փաստ ի սպառ ջնջել:
Շուշան Արթինեան-Թոքաթլեանի մօրական մեծ մայրը` Բերկրուհի Սահակեան-Ալահայտոյեան, չէր ուզեր պատմել հայոց նկատմամբ թուրքերու գործած բարբարոսութիւններուն մասին: Ան կը խօսէր միայն այն ատեն, երբ Շուշան կը յամառէր ու կը թախանձէր անոր որ պատմէ: Բերկրուհի կը պատմէր Կեսարիոյ Կերմիր գիւղէն դէպի Գոնիա եւ ապա Զմիւռնիա իրենց բռնագաղթի ճանապարհին վրայ պատահած դէպքերը:
Բերկրուհի 1 Փետրուար 2007-ին կը մահանայ: Տարի մը ետք, երբ Հրանդ Տինք կը նահատակուի, Շուշան այդ օր որոշում կու տայ արծարծել Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը, սկսելով իր մօրական մեծ մօր` Բերկրուհի Սահակեան-Ալահայտոյեանի եւ մօրական մեծ հօր` Յովսէփ Ալահայտոյեանի յուշերու խմբագրումէն եւ հրատարակութենէն: Ահաւասիկ Շուշան Արթինեան-Թոքաթլեանի հեղինակած յուշագիրքը անգլերէն լեզուով.
Shushan Artinian-Tokatlian, My Grandparents Odyssey; From Urfa and Germir to Beirut.
Շուշան Արթինեան-Թոքաթլեան, ՙՄեծ Ծնողներուս Ոդիսականը Ուրֆայէն Եւ Կերմիրէն Դէպի Պէյրութ՚, ՙՌիչըրտ Եւ Թինա Քարոլան Գրական Մրցանքի թիւ 18՚, տպարան Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս, Լիբանան, 2016, միջակ չափի 155 էջ - անգլերէն
Ա¤ Շուշան Արթինեան-Թոքաթլեանի Մօրական Մեծ Մօր` Բերկրուհի Սահակեան-Ալահայտոյեանի Յուշերը.
Բերկրուհի կը խօսի իր հօր բանտարկութեան մասին: Թէեւ երեք կամ չորս տարեկան էր այն ատեն, այդուհանդերձ, ան լաւ կը յիշէ, թէ ինչպէս երկու թուրք ոստիկան հայրը բանտէն հանելով անորոշ ուղղութեամբ կը տանին: Այս դէպքը Բերկրուհի աչքերուն մէջ արցունքներով կը պատմէր: Ան հօրմէն կը բաժնուէր վերջնականապէս, որովհետեւ ՙթուրքերը սատանայական ծրագիր մը ունէին բոլոր հայերը բնաջնջելու, առանց ոեւէ մէկը ձգելու՚:
Բռնագաղթի հրամանը կը տրուի 1915-ին: Բերկրուհիին մեծ մայրը, մայրը, մօրաքոյրը եւ իրմէ փոքր Արշակուհի եւ Պերճուհի քոյրերը կը պատրաստուին աքսորի ելլելու. տան կարեւոր գոյքերը քիչ մը ուտելիքի հետ կը բեռցնեն էշերու վրայ ու ճամբայ կþելլեն Կեսարիոյ Կերմիր գիւղէն: Կիզիչ արեւուն տակ ամբողջ օրը քալելէ յետոյ, երեկոյեան կը նստին տեղ մը հանգստանալու, ընթրելու եւ գիշերը անցընելու համար: Յաջորդ առտու կրկին ճամբայ կþելլեն: Թուրք ոստիկաններ կը սկսին գեղեցիկ աղջիկները առեւանգել եւ բռնագաղթուածներուն ինչքերը կողոպտել: Թուրք ոստիկան-զինուոր մը գաղթականներուն կþըսէ, թէ տարագրութեան ճամբան վտանգաւոր է եւ գողերով լեցուն, ու անոնց կþառաջարկէ իրենց ոսկեղէնը եւ դրամը ի պահ դնել իր քով` յետագային վերադարձնելու համար: Շատեր կը խաբուին եւ իրենց ոսկեղէնն ու դրամը անոր կը յանձնեն:
Բերկրուհիին հօրեղբայրը` Թադէոս Սահակեան, որ Կ. Պոլիս կը գտնուէր, Մամուրէթի շոգեկառքի կայարանը Թէոտոր էֆենտի անունով յոjն բարեկամ մը ունէր, որմէ խնդրած էր իր ընտանիքը Զմիւռնիա հասցնել: Թէոտոր էֆենտի երեք քիւրտ ծառայ կը ղրկէ ջորիներով: Քիւրտերը Բերկրուհին ու ընտանիքը կարաւանին մէջէն առնելով դէպի Մամուրէթի կայարանը կþերթան: Թէոտոր կայարանին մէջ անոնց կը տրամադրէ սենեակ մը, ուր քանի մը օր կը մնան: Բերկրուհիին եւ անոր մօրաքրոջ աչքերը կը բորբոքին եւ կþուռին: Երկու տարեկան Արշակուհին կը հիւանդանայ ու կը մահանայ: Թէոտոր Բերկրուհին եւ ընտանիքը կը ղրկէ Գոնիա, ուր տասը ամսական Պերճուհին փորհարութենէ կը մահանայ:
Թուրքերը հայ այրերը Գոնիայէն կը տարագրեն: Բերկրուհի իր ընտանիքին հետ մօտաւորապէս մէկ տարի Գոնիա մը մնայ: Կայարանին մէջ աշխատող Եփրեմ անունով երիտասարդ մը Բերկրուհիի մօրաքրոջ հետ կը նշանուի: Այդ միջոցին, Բերկրուհիին հօրեղբայրը Կ. Պոլսէն Զմիւռնիա կը տեղափոխուի: Մօրաքոյրն ու Եփրեմը կþամուսնանան: Թադէոս բոլորն ալ Գոնիայէն բերել կու տայ Զմիւռնիա, որուն հայերը չէին բռնագաղթեցուած:
Զմիւռնիոյ մէջ Թադէոս կþամուսնանայ: Բոլորով Մանիսա ծովեզերեայ աւանը կը տեղափոխուին: Թադէոսի կինը տարի մը ետք ժանտատենդէ կը բռնուի եւ կը մահանայ: Բերկրուհի Կ. Պոլսոյ մէջ ապրող մօրեղբայր մը ունէր: Ան ալ Մանիսա կու գայ իրենց քով: Անոնք Մանիսայի կայարանի մէկ սենեակին մէջ կþապրէին Եփրեմի բարեկամներուն բարեհաճ կարգադրութեամբ: Բակին մէջ քանի մը հաւ ու այծ կը պահէին եւ անոնց տուած բարիքներէն կþօգտուէին:
Յոյները եւ թուրքերը իրարու դէմ կը պատերազմին: Երբ յունական բանակը Աֆիոն Գարահիսար կը հասնի, Մուսթաֆա Քեմալի ոյժերը հակայարձակման կþանցնին: Յոյները կը նահանջեն մինչեւ Զմիւռնիա: Շրջակայ գաւառներու հայերն ու յոյները Զմիւռնիա կը հաւաքուին: Բերկրուհի 1922-ին ընտանեօք Մանիսայէն կու գայ Զմիւռնիա, ուր կþապաստանին իր հօրեղբօր հանգուցեալ տիկնոջ տունը հայկական թաղին [Զմիւռնիոյ հայկական թաղը Հայնոց կը կոչուէր - Յ. Ի.] մէջ: Թաղին մէջ հայերը քանի մը շէնքերու վրայ եւրոպական երկիրներու դրօշակներ կը զետեղեն: Թուրք զինուորները բնակելի շէնքերը կրակի կու տան: Քանի մը հայ կիներ Բերկրուհիի մօր եւ մեծ մօր հետ, հագուստներ իրար կարելով եւ գոյները ներդաշնակելով, կը կազմեն Անգլիոյ մեծ չափի դրօշակ մը, զոր Թադէոս իրենց ապաստանած շէնքին տանիքէն կը կախէ: Երբ զինուորները կը մօտենան շէնքին ու կը տեսնեն այդ դրօշակը, շէնքը կրակի տալէ կը հրաժարին: Այսպիսով հոն ապաստանածները ստոյգ մահէ կը փրկուին:
Քեմալական զինուորները կը մտնեն հայկական թաղը [Հայնոց - Յ. Ի.] եւ աջ ու ձախ կը կոտորեն, ապա կþանցնին կողոպուտի, որմէ ետք շէնքերը կը հրկիզեն: Հայ ընտանիքներ, որոնց մէջ Բերկրուհիին ընտանիքը, մօտակայ օտար որբանոցը կը մտնեն` հոն ապաստան գտնելու համար, սակայն երբ զայն դատարկուած կը գտնեն, կը զգան վտանգը եւ դուրս վազելով դէպի ծովեզերք` նաւահանգիստ կþարտօրան: Կրակը ծովեզերքի շէնքերուն կը մօտենայ: Թուրքերը հայ եւ յոյն այրերը, անոնց շարքին Բերկրուհիի հօրեղբայրն ու մօրեղբայրը, կիներէն կը բաժնեն եւ անծանօթ ուղղութեամբ կը տանին: Այրերէն ոմանք կանացի հագուստներով կը ծպտուին չձերբակալուելու յոյսով: Հայ եւ յոյն կիներ, աղջիկներ ու երեխաներ այդպէս ծովեզերքը կը մնան: 15 օր ետք յունական նաւեր նաւահանգիստ կու գան` զիրենք տանելու: Կը պարզուի, թէ յունական եւ թրքական կառավարութիւնները ի վերջոյ համաձայնութեան մը յանգած էին: Նաւը Բերկրուհիին ընտանիքը կը տանի Յունաստան` Քալամարիա, ուր 14 ամիս կը մնան: Հոս կþիմանան, թէ շնորհիւ գերիներու փոխանակման համաձայնութեան, ազատ արձակուած էր նաեւ Թադէոս հօրեղբայրը, որ նախ Յունաստան եւ ապա Պէյրութ մեկնած էր: Շուտով նամակ մը կը ստանան Թադէոսէն: Անոնք կը լսեն նաեւ, թէ իրենց հարազատներէն շատեր Պէյրութ ապաստանած էին: 15 Դեկտեմբեր 1923-ին Բերկրուհիենք նաւով ճամբայ կþելլեն դէպի Պէյրութ: Անոնք 8-10 օր Փոր Սայիտ կը մնան եւ ապա Պէյրութ կը հասնին:
Պէյրութի մէջ Բերկրուհի Ս. Նշան եկեղեցւոյ դպրոցը կը սկսի յաճախել: Թադէոս հօրեղբայրը այդ դպրոցին մէջ անվճար կը դասաւանդէր, ուստի դպրոցին տնօրէնութիւնը Բերկրուհիէն կրթաթոշակ չէր պահանջեր: Բերկրուհիին մայրը թերասնման պատճառաւ կը հիւանդանայ եւ կը մեռնի:
1990-ին Բերկրուհիին հետ զրոյցի մը ընթացքին Շուշանին հօրեղբայրը` Պետրոս Ալահայտոյեան, կþիմանայ Բերկրուհիի հօրեղբօր եւ մօրեղբօր վախճաններուն մասին: Քեմալականները զանոնք ձերբակալած էին Զմիւռնիոյ նաւահանգիստին մէջ ու ճանապարհաշինութեան տարած: Անոնց բանտարկութեան եւ աշխատանքի պայմանները շատ ծանր էին: Մօրեղբայրը չէր դիմացած այդ պայմաններուն եւ մահացած էր: Թադէոս հօրեղբայրը ամէն իրիկուն երբ գործէն կը վերադառնար, գերուած միւս բանուորներուն հետ կը փորձէր հանգստանալ խցիկի մը մէջ: Այս գերիները քով-քովի կը պառկէին: Առտուները ամէն օր անոնց մէջէն մեռածներ կը գտնուէին: Զինուորները Թադէոսի կը հրամայէին շալկել մեռելները եւ անդին գտնուող փոսի մը մէջ թաղել: Թադէոս առողջ էր եւ այդ տաժանակիր աշխատանքներուն դիմացած էր:
Բերկրուհի իր մեծ մօր եւ հօրեղբօր հետ կþապրէր համեստ տան մը մէջ: Անոնց դրացին` 34-ամեայ եդեսիացի դեղագործ Յովսէփ Ալահայտոյեանը, կը համակրի Բերկրուհիին: Անոնք կը նշանուին եւ 1931-ին կը պսակուին: Յովսէփ Պէյրութի կեդրոնական թաղամասին մէջ բացած էր ՙԽաղաղութեան Դեղարան՚ը (Pharmacie de la Paix): Յովսէփ եւ Բերկրուհի ամոլը չորս զաւակ կþունենայ: Առաջինը կը մահանայ: Ապա կը ծնին Պետրոսը, Յասմիկ-Սաթենիկը եւ Ռուբինան, որ յուշագիրքի հեղինակին` Շուշանի մայրն է:
Գիրքի երկրորդ մասին մէջ Շուշան Արթինեան-Թոքաթլեան կը ներկայացնէ իր մօրական մեծ հօր` Յովսէփ Ալահայտոյեանի յուշերը:
(Շարունակելի)
Յարութիւն Իսկահատեան
«Արարատ»/ Պէյրութ