26 Փետրուար 2016-ին Երեւանի «Ազգային Գրադարան»-ին մէջ ցուցադրութիւն-ձեռնարկ մը կազմակերպուած էր, ի յիշատակ Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի ծննդեան 175 ամեակին:
Անուն մը, որ մեր պատմութեան մէջ իր յստակ եւ ազդու տեղը ձգած է: Անուն մը, որ իր բազմահմուտ կարողութիւններով իր լուման աւելիով նետած է եկեղեցւոյ ու ազգին գանձանակէն ներս: Անուն մը, որ ինչպէս «Ազգային Գրադարան»-ի յայտարարութեան մէջ կը կարդանք, եղած է «աստուածաբան, հայագետ, պատմաբան, բանասէր, հրապարակախօս, հասարակական գործիչ, Կ. Պոլսոյ Պատրիարք (1896-1908)»: Ցաւալին ալ այս է, որ կազմակերպողները այսքան բան իմանալէ ետք Օրմանեան Սրբազանին մասին, անոր պարտ ու պատշաճ յարգանքն ու ձեռնարկը չյաջողեցան իրականացնել:
Արդարեւ, ցուցադրուած գիրքերուն չորս բոլորը ոտքի վրայ հաւաքուած կատարուած ձեռնարկը, որպէս ընդհանուր երեւոյթ բնական էր: Ներկաներուն մեծ մասը սակայն Գրադարանի աշխատակիցներն էին, որոնք ամբողջ ձեռնարկի տեւողութեան շատախօսութեամբ զբաղուած էին: Երեւոյթ, որ ո՛չ միայն անտարբերութիւն է հանդէպ այ Մեծ Մարդուն որու շորհիւ այդտեղ հաւաքուած էին, այլեւ՝ անկրութիւն որ ո՛չ չափ եւ ոչ ալ սահաման ունէր հանդէպ մեր մշակոյթին ու պատմութեան: Կազմակերպողները իրենք պէտք էր անդրադառնային այս իրողութեան եւ ձեռնարկի ընթացքին պէտք է փորձէին նուազագոյնը պարտադիր լռութիւն մը պահպանել: Բայց այդ ալ չեղաւ դժբախտաբար: Ընդհակառակը մի քանի պատասխանատուներ իրենք կ'առաջնորդէին այդ զրոյցներն ու շատախօսութիւնները: Վստահ եմ, որ անոնք որոնք այդտեղ ներկայ էին իրապէս հաղորդուելու Օրմանեան-Մարդուն հետ, չյաջողեցան այդ հաճոյքը վայելել, որով Գրադարանին մուտքին ուր կազմակերպուած էր ցուցադրութիւն-ձեռնարկը, ձեռնարկի վայրէ աւելի հանրային պարտէզի:
Ո՞ւր հասած ենք ժողովուրդ: Այսպէ՞ս կը յարգենք մեր մեծերը: Ո՞ւր է յարգանքն ու պատկառանքը մեր մեծերուն նկատմամբ: Ո՞ւր են պարտ ու պատշաճ ձեռնարկները ի յիշատակ մեր մեծերուն: Ներկայ սերունդը եթէ այսպէս կը յարգէ իր մեծերը, վա՛յ է եկեր մեր գլխուն, հազար ամօթ մեզի: Եթէ այսօր այսպէս կը վարուինք մեր մեծութիւններուն հետ, մեզ յաջորդող սերունդները կը պատկերացնէ՞ք ինչպէս պիտի վարուին, անշուշտ եթէ յիշեն մեր մեծութիւնները: Մեզ նախորդող սերունդ(ները) այսպէս չսորվեցուցին մեզի, ընդհակառաը անոնք օրինակ հանդիսացան մեզի ճիշդ կերպով յարգելու եւ արժեւորելու մեր մեծութիւնները: Ամօթ է ժողովուրդ, ամօ՛թ: Ամէն ինչ չափ սահման ունի, ընդ որում եւ անկրթութիւնն ու անտարբերութիւնը: Մանաւանդ երբ ձեռնարկն ալ կազմակերպուած էր կառոյցի մը մէջ որ «Ազգային» կը կոչուի: Եթէ «Ազգային» կը կոչուի ու այսքան անկրթութիւն ու անտարբերութիւն, հապա ի՞նչ խօսիլ ապազգային կառոյցներուն մասին... Սթափի՛նք ժողովուրդ, զգաստանա՛նք, գիտակցինք մեր ունեցած հարուստ ժառանգին ու մեծութիւններուն եւ իմանանք ճիշդ կերպով մեծարել ու յարգել զանոնք: Այլապէս, հանգի՛ստ ձգենք զանոնք իրենց գերեզմաններուն մէջ, հանգիստ ձգենք անոնց հոգիները, հանգի՛տ ձգենք անոնց յիշատակը:
Յակոբ Քորթմոսեան
26 Փետրուար 2016