Պոլսահայ այլախոհ մտաւորական, Սեւան Նշանեան, խօսելով թրքական HaberTurk կայքի լրագրողին հետ, նշած է, որ երբ գայ ժամանակը, մանրամասնօրէն պիտի պատմէ, թէ ինչպէս խոյս տուած է բանտէն: «Չեմ ուզեր այդ թեմայով որեւէ մեկնաբանութիւն տալ: Կանուխ է խօսիլ եղածին միջոցներուն եւ ձեւին մասին: Թող ոչ ոք չկասկածի, որ երբ գայ յարմար ժամանակը, ամենայն մանրամասնութեամբ պիտի պատմեմ կատարուածը: Սակայն դեռ ժամանակը չէ եկած»:
Նշանեան թուրք լրագրողի հետ զրոյցի ընթացքին նաեւ նշած է հետեւյալը. «Մտածեցի, որ 3.5 տարին արդէն բաւական է, եկած է ժամանակը, երբ պէտք է շունչ քաշել: Այս է ամէնը: Նման պայմաններուն մէջ որոշում կայացուցի եւ Թուրքիոյ ներկայիս թերութիւններէն օգտուելով դուրս եկայ պետութեան վերահսկողութեան տարածքէն»:
Յիշեցնենք, որ երէկ «Արեւելք», թրքական աղբիւրներէ առնելով իր տեղեկութիւնը, գրած էր պոլսահայ մտաւորական Սեւան Նշանեանի՝ թրքական բանտէն խոյս տալու մասին:
Նշանեան մայիսին 2013-ի դատապարտուած էր 13.5 ամսուան բանտարկութեան՝ Մոհամմէտ մարգարէի հասցէին իր կատարած արտայայտութիւններուն համար: 12 դեկտեմբեր 2013-ին, Թուրքիոյ իշխանութիւնները զինք մեղադրեցին ապօրինի շինութիւններ կատարելու յանցանքլով (իր հիմնադրած «Շիրինճէ» գիւղին մէջ) եւ դատապարտեցին էր 12 տարուան բանտարկութեան:
Աւելի ուշ Նշանեան ամբաստանուեցաւ նաեւ «մշակութային եւ բնական արժէքներու պահպանման» մասին օրէնքը խախտելու յանցանքով, որուն համար ան դատապարտուեցաւ եւս 5 տարուան ու 2 ամսուան բանտարկութեան, ինչպէս նաեւ՝ շուրջ 6000 տոլար տուգանքի: