image
Հրատապ լուրեր:

Էմմանուէլ Մաքրոն. «Մենք թոյլ չենք տար, որ Ատրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղի հիւսիսային հատուածը գրաւէ»

Էմմանուէլ Մաքրոն. «Մենք թոյլ չենք տար, որ Ատրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղի հիւսիսային հատուածը գրաւէ»

Լիբանանեան «Ալ Ախպար»ը կը գրէ.

Ֆրանսայի Հանրապետութեան Նախագահ՝ Էմմանուէլ Մաքրոնը իր «անհանգստութիւնը» յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ Թուրքիոյ կողմէ կատարուած «ռազմաշունչ» յայտարարութիւններուն կապակցութեամբ: Լաթվիայի Մայրաքաղաք՝ Ռիկայի մէջ, մամուլի ասուլիսին ընթացքին ան ըսած է. «Նկատած եմ Թուրքիայի քաղաքական յատարարութիւնները,   անպատասխանատու եւ վտանագաւոր են»: Ան աւելցուցած է. «Ֆրանսան խորապէս մտահագուած է վերջին ժամերուն Թուրքիայի կողմէ կատարուած պատերազմական հաղորդագրութիւններով, որոնք ըստ էութեան Ատրպէյճանի նկատմամբ ցանկացած սահմանափակում կը վերացնեն, ինչ բանը կրնայ տանիլ վերջինիս Լեռնային Ղարաբաղի հիւսիսային հատուածին վրայ վերահսկողութիւնը վերականգնելը, իսկ մենք, թոյլ չենք տար, որ այդ բանը պատահի»: Ֆրանսայի Նախագահը նկատել տուած է, որ ներկայ հանգրուանին անթոյլատրելի է խօսիլ «հակամարտութիւնը տարածաշրջանային դարձնելու» մասին, աւելցնելով, որ «պէտք է փաստերուն տարրերը ճշդել, հասկնալ, թէ ի՛նչ պատահած է ճշգրտօրէն, եւ որո՞ւ վրայ կ'իյնայ պատասխանատուութիւնները»:

Մաքրոն Հայաստանին ու հայերուն դիմելով, ըսած է. «Հայաստանին ու հայերուն կ'ըսեմ, որ Ֆրանսան իր պարտականութիւնը պիտի կատարէ»: Անգարան այս յայտարարութեան բուռն կերպով պատասխանած է՝ Արտաքին Գործերու իր Նախարարին՝ Մեւլութ Չաուշօղլուին միջոցով, որ «զօրակցութիւնը, որ Մաքրոնը յայտնեց Հայաստանին, առանց ատրպէյճանական հողերուն ուշադրութիւն դարձնելու, կը նշանակէ, որ ան կը սատարէ գրաւումին»: