Երկուշաբթի, 11 դեկտեմբերին Ռուսիոյ նախագահ Փութին եւ Եգիպտոսի նախագահ Սիսի ներկայ գտնուած են Եգիպտոսի մէջ առաջին աթոմակայանի հիմնադրման պայմանագրի կնքման: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆրանսբրէս» լրատուական գործակալութիւնը:
Աթոմակայանը նախատեսուած է հիմնել Միջերկրական ծովու ափին:
Աղբիւրին փոխանցմամբ, եգիպտական կողմէն պայմանագիրը ստորագրած է Ելեկտրական ուժանիւթի նախարար Մուհամմատ Շաքէր, իր ռուսական կողմէն՝ «Ռուսաթոմ» ընկերութեան տնօրէն Ալէքսէյ Լիխանշիւ:
Պայմանագիրը կնքուած է Գահիրէի նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, երկու երկիրներու նախագահներու հանդիպումէն ետք: