image

Եգիպտոս Աթոմակայան պիտի ունենայ. Գլխւոր հովանաւորը Ռուսաստանն է

Եգիպտոս Աթոմակայան պիտի ունենայ. Գլխւոր հովանաւորը Ռուսաստանն է

Երկուշաբթի, 11 դեկտեմբերին Ռուսիոյ նախագահ Փութին  եւ Եգիպտոսի նախագահ Սիսի ներկայ գտնուած են Եգիպտոսի մէջ առաջին աթոմակայանի հիմնադրման պայմանագրի կնքման: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆրանսբրէս» լրատուական գործակալութիւնը:

Աթոմակայանը նախատեսուած է հիմնել Միջերկրական ծովու ափին:

Աղբիւրին փոխանցմամբ, եգիպտական կողմէն պայմանագիրը ստորագրած է Ելեկտրական ուժանիւթի նախարար Մուհամմատ Շաքէր, իր ռուսական կողմէն՝ «Ռուսաթոմ» ընկերութեան տնօրէն Ալէքսէյ Լիխանշիւ:

Պայմանագիրը կնքուած է Գահիրէի նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, երկու երկիրներու նախագահներու հանդիպումէն ետք: