image

ԵԱՀԿ դիտարկում Հատրութի մէջ

ԵԱՀԿ դիտարկում Հատրութի մէջ

Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններու հետ ձեռք բերոուած պայմանաւորուածութեան համաձայն 6 օգոստոսին ԵԱՀԿ առաքելութիւնը հրադադարի ռեժիմի ծրագրային դիտարկում իրականացուցած է Արցախի եւ Ատրպէյճանի սահմանին՝ Հատրութի շրջանի հիւսիս-արեւելքը։

Ինչպէս տեղեկացուցած են ԱՀ արտաքին գործոց նախարարութենէն, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկումը իրականացուցած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնականներ Օկնըն Եովիչը (Պոսնիա եւ Հերցեկովինա) եւ Կենատիէ Պետրիկան (Մոլտովա):

Սահմանի հակառակ կողմէն դիտարկումը իրականացուցած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասփշիքը, ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնական Միխաիլ Օլարուն (Մոլտովա) եւ անձնական օգնական Սայմըն Թիլըրը (Մեծ Բրիտանիա)։

Դիտարկումը անցած է ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցի։ Դիտարկման առաքելութեան արցախեան կողմէ ուղեկցած են Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութե0ան ներկայացուցիչները: