image

Դաւիթ Պապայեան «Ալ-Մայատին» կայանէն խօսած է Արցախեան հիմնախնդրի մասին (Տեսանիւթ)

Դաւիթ Պապայեան «Ալ-Մայատին» կայանէն խօսած է Արցախեան հիմնախնդրի մասին (Տեսանիւթ)

Երէկ երեկոյեան պատկերասփիւռի «Ալ-Մայատին» կայանէն սփռուեցաւ հարցազրոյց մը Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Պապայեանին հետ, որ անդրադարձաւ Արցախի քառօրեայ պատերազմին եւ անոր հետեւանքներուն: Այս առթիւ «Մայատին»-ի հաղորդավարին հարցումներուն պատասխանելով, Պապայեան մանրամասն լուսաբանութիւններ կատարեց:

Պապայեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Պատերազմի կարգաւորումը պէտք է ունենայ երկու ճանապարհ: Առաջինը`լուծել խնդիրը ըստ օրէնքի, այս պարագային Ատրպէյճանը պատրաստ չէ դէմ առ դէմ նստելու եւ իրականութիւնը ընդունելու, պատրաստ չէ հաշտութիւններ կնքելու: Իսկ երկրորդը՝ տարածաշրջանի խաղաղութիւնը պահպանելն է, որովհետեւ եթէ պատերազմ սկսի, ապա տեղի կ’ունենայ երրորդ համաշխարհային պատերազմը, քանի որ այս պատերազմի հիմքը հզօր պետութիւններու մրցակցութիւնն է, որն ալ առաջացած է առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ: Եթէ պատերազմ սկսի, ապա այդ պատերազմի մէջ կը խառնուի Թուրքիան, Իրանը, Ռուսիան, Ամերիկան, նոյնիսկ Վրաստանը»:

Ան հարցազրոյցի ընթացքին նաեւ խօսած է Ղարաբաղի տնտեսական պայմաններու եւ նոր ծրագիրներու մասին: