Դամասկոսի քաղաքապետարանը սեփական ոլորտի կողմէ շահագործուող անշարժ գոյքի վարձակալութեան արժէքները վերանայման ենթարկած է:
«Hashtag Syria» կայքին փոխանցմամբ, քաղաքապետարանը զգալիօրէն բարձրացուցած է վարձակալութեան գիները, մանաւանդ «Մասա մոլ» առեւտրական կեդրոնի վարձակալութեան արժէքը, որ 51 միլիոն լիրայէն բարձրացած է 400 միլիոն լիրայի:
Քաղաքապետարանի գնացուցակին համաձայն, Համիտիէի գետնանցման խանութներու տարեկան վարձքը 300 հազար լիրա դարձած է:
Աղբիւրին համաձայն, մինչեւ այս որոշման հրապարակումը, քաղաքապետարանին պատկանող խանութները չափազանց աննշան գումարներու դիմաց վարձուած էին: