Սուրիա իշխանութիւնները դէմ են,՛ որ երկրի հիւսիսային հատուածին մէջ ինքնավար շրջան յայտատարուի: Այս մասին կարծիք յայտնած է Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխ նախարար Ֆայսալ Ալ Մըքտատ, որ խօսած է դէմ է «Ռօյթըրզ» լրատուական գործակալութեան:
Մըքտատ նաեւ ըսած է, որ իրենք ամէն գնով պիտի շարունակեն պայքարիլ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ մինչեւ, որ երկիրը «մաքրուի» այդ տիպի զինեալ խմբաւորումներէն: Սուրիացի դիւանագէտը նաեւ շեշտած է, որ իրենք երբեք թոյլ պիտի չտան, որ անջատ քիւրտստան տան մը գոյութիւն ունենայ սուրիական հողերուն վրայ: Մըքտատ կոչ ուղղած է միջազգային հանրութեան եւ յատկապէս Սուրիոյ խնդրով մտահոգուած բոլոր կողմերուն դադրեցնել ահաբեկչական խմբաւորումներուն զինումը եւ հետամուտ ըլլալ պահպանելու Սուրիոյ ամբողջականութիւնը: