Ոստիկանութիւնը ձեռնարկելով հետախուզական եւ քննչական համատեղ գործողութիւններ, 18 օգոստոսին, պարզած է Լոռի մարզի մէջ տեղի ունեցած զարհուրելի սպանութեան մանրամասնութիւնները: Այս մասին կը յայտնէ Shamshyan.com-ը:
Սպանութեան կասկածանքով ձերբակալուած է Լոռիի մարզի Գեարգեառ գիւղի բնակիչ, 20 տարեկան Արէն Մ.-ն:
Նախնական եզրակացութեան համաձայն դիակի վրայ յայտնաբերուած են դանակի բազմաթիւ հարուածներու հետքեր:
Ըստ տեղեկութիւններուն, Արէն Մ.-ն սպանութիւնը կատարելէն ետք, հետքերը վերացնելու նպատակով այրած է տունը: Դէպքի վայր ժամանած հրշէջները, կրակը մարելէն յետոյ յայտնաբերած են կիսամոխրացած դիակը:
Յիշենք, որ 17 օգոստոսին, Ժամը 23:10-ին Արտակարգ Իրավիճակներու Նախարարութիւնը ահազանգ ստացած է, որ Լոռի մարզի Պուշկինօ համայնքի մէջ տուն մը կ'այրի:
Ըստ նախնական տեղեկութիւններուն՝ մահացածը Վանաձոր քաղաքի բնակիչ, 42 տարեկան Ժիրայր Պասմաճեանն է, որ կ'աշխատի Լոռիի մարզպետարանին մէջ: