«Այս ալ հակառակորդի 120 մմ-անոց չպայթած արկը», լրագրողներուն մատնացոյց ընելով Չինարիի գնդակոծութենէն ետք գիւղը ինկած արկը, ըսած է համայնքապետ Սամուէլ Սաղոյեան։
«Խոշոր տրամաչափի 120 մմ-անոց արկը սարի այն կողմէն եկած հարուածած է այստեղ, կ'երեւի թեքուած է, հարուածած է այս պատը ու չպայթելով ինկած այստեղ։ Ահա այդ մահաբեր արկը», ըսած է Սամուէլ Սաղոյեան։
Յիշեցնենք, որ Չինարիի չպայթած արկի վերաբերեալ, Տաւուշի մարզպետ՝ Հայկ Չոպանեան ըսած է, որ արկի վնասազերծման հարցով պիտի զբաղին պաշտպանութեան նախարարութեան մասնագէտները։ Հրետակոծուած վայրերը այցելած է նաեւ ՀՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան՝ Արման Թաթոյեան, քաղաքացիական բնակչութիւնը թիրախ դարձնելու փաստեր հաւաքելու եւ միջազգային կառոյցներուն ներկայացնելու նպատակով։
Լուրը՝ «Նիուզ.ամ»էն