image

Չեխիոյ նախագահը Սուրիոյ վարչակարգը նուազ վտանգաւոր կը համարէ, քան՝ իսլամիստական ահաբեկչութիւնը

Չեխիոյ նախագահը Սուրիոյ վարչակարգը նուազ վտանգաւոր կը համարէ, քան՝ իսլամիստական ահաբեկչութիւնը

Չեխիոյ նախագահ Միլոս Զեման, որուն երկրի դեսպանութիւնը միակն է Եւրամիութեան անդամ երկիրներէն, որ մինչ օրս կը գործէ Դամասկոսի մէջ, երէկ յայտարարած է, որ Սուրիոյ վարչակարգը «նուազ վտանգաւոր է, քան՝ իսլամիստական ահաբեկչութիւնը»: Այս մասին կը տեղեկացնէ Փորթուկալեան լրատուական գործակալութիւնը:

Ան Լիզպոն կատարած իր պաշտօնական այցի ընթացքին յայտնած է. «քաղաքականութիւնը ճիշտի ու սխալի միջեւ ընտրութիւն կատարելու մէջ չի կայանար, այլ նուազ վտանգաւորն ընտրելու, եւ ես կը համարեմ, որ նախագահ Ասատ նուազ վտանգաւոր է, քան՝ իսլամիստական ահաբեկչութիւնը»:

Անդրադառնալով Հալէպի մէջ տեղի ունեցող մարտերուն, նախագահ Միլոս Զեման ըսած է. «Ոչ ոք կը պնդէ, որ նախագահ Ասատ անթերի է, սակայն անհրաժեշտ է նկատի առնել անոր դիմագրաւած խնդիրները», աւելցնելով՝ «Լիպերալ սուրիացի կոչուածներն այսօր իրենց Լոնտոնի կամ Փարիզի մէջ գտնուող գրասենեակներուն մէջ նստած են, սակայն պատերազմի դաշտին մէջ զիրենք չենք տեսներ: Այնտեղ կը տեսնենք Իսլամական Պետութեան, Ալ Քաիտէի եւ այլ ծայրայեղական իսլամիստական շարժումներու ներկայացուցիչները»: