image

Ցեղասպանութենէն մէկ դար ետք, Թուրքիան Հայաստանի համար սպառնալիք. Փաշինեան

Ցեղասպանութենէն մէկ դար ետք, Թուրքիան Հայաստանի համար սպառնալիք. Փաշինեան

Հայաստանը պատրաստ է վերահաստատելու դիւանագիտական յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ առանց որեւէ նախապայմանի: «Արմէնբրես»–ի հաղորդմամբ՝ այս մասին նշած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը «Corriere della Sera» թերթի հետ հարցազրոյցի ժամանակ՝ պատասխանելով Անգարայի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու մասին հարցին:

«Մենք ըսեր ենք, եւ ես կը կրկնեմ, որ պատրաստ ենք վերահաստատելու դիւանագիտական յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ առանց որեւէ նախապայմանի: Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը մենք չենք համարեր Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւններու համար նախապայման: Այդ ճանաչումը շատ կարեւոր գործընթաց է, որն անհրաժեշտ է ոչ թէ իրենց հետ մեր յարաբերութիւններու համար, այլ, ինչպէս ըսի, ցեղասպանութիւններու կանխարգելման համար»,-նշած է ՀՀ վարչապետը:

Նիկոլ Փաշինեանն անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու պալատի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման՝ նշելով, որ այն շատ կարեւոր քայլ է: ՀՀ վարչապետը ընդգծած է, որ այն կ'օգնէ կանխել հնարաւոր յետագայ ցեղասպանութիւնները:

«Աւելին, նման որոշումները կը փոխեն մթնոլորտը մեր տարածաշրջանին մէջ: Անոնք ուղերձներ են առ այն, որ նման թշնամական քաղաքականութիւնը ընդունելի չէ միջազգային հանրութեան կողմէ: Դժբախտաբար, ցեղասպանութենէն աւելի քան մէկ դար անց Թուրքիան հայերու կողմէ դեռ կ'ընկալուի որպէս մեր անվտանգութեան համար հնարաւոր սպառնալիք: Մօտ 30 տարի է արդէն, որ մեր սահմանը փակ է՝ թրքական կողմէն, ոչ թէ մեր կողմէն: Հայկական կողմէն այն բաց է»,-նշած է Նիկոլ Փաշինեանը: Ան իր երախտիքը յայտնած է Իտալիոյ Պատգամաւորներու պալատին` Հայոց ցեղասպանութիւնը որպէս այդպիսին ճանչնալու համար: Վարչապետն ընդգծած է, որ կ'աշխատին  օտարերկրեայ գործընկերներու հետ նման ճանաչումներ հնարաւորինս շատ ունենալու եւ համաշխարհային ճանաչման հասնելու համար: