image
Հրատապ լուրեր:

«Բոլոր հայ թեկնածուները իմ ընկերներս են». Յակոբ Նալպանտ

«Բոլոր հայ թեկնածուները իմ ընկերներս են». Յակոբ Նալպանտ

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ  Հալէպի  նահանգային խորհուրդի հայ  թեկնածու ՝ Յակոբ Տըլտըլեան.-

 

 

-Պրն. Տըլտըլեան, ի՞նչ նպատակներով ձեր թեկնածութիւնը դրիք  վաղը՝ կիրակի  օր նախատեսուած ընտրութիւններուն:

Ես չեմ որ իմ թեկնածութիւնս դրած եմ, այլ Սուրիոյ Ազգային Սոցիալական (Ղովմի) կուսակցութեան Դամասկոսի մեր կեդրոնական վարչութիւնն է, որ առաջադրած է իմ թեկնածութիւնս։ Կը մասնակցիմ կուսակցական ցուցակներէ այս հետեւաբար կուսակցական պարտականութիւններ ունիմ ընելիք, կուսակցութիւնը յատուկ գիծ մը ունի, ես այդ գիծով պիտի աշխատիմ եւ իր նպատակները պիտի իրականացնեմ:

 

-Ի՞նչ է Հալէպի նահանգային խորհուրդին գլխաւոր պարտականութիւնները:

Հալէպի Նահանգային ԽորհուրդԸ ընդհանրապէս հսկողական պարտականութիւններ ունի, կը հսկէ ամէն տեսակ՝ շինարարական, առողջապահական, երթեւեկութեան, քաղաքաշինութեան   ոլորտներու մէջ։ Հետեւաբար նահանգային խորհուրդի անդամ ըլլալ կը նշանակէ վերակացու ըլլալ այդ բոլոր աշխատանքներուն,   տուեալ    անդամի մասնագիտական    ունակութիւններուն։ Այլ  խօսքով լիազօրուած կ'ըլլաս նահանգապետին կողմէն։  Օրինակ ես եթէ ընտրուիմ հաւանաբար ինծի պիտի յանձնուի առողջապահական բնագաւառի մէջ պատասխանատուութիւն։

 

-Եթէ Կիրակի օրը բարեյաջող անցնի եւ դուք դառնաք լիիրաւ անդամ այդ խորհուրդին, ի՞նչ առաջարկներով հանդէս պիտի գաք, ի՞նչ դեր վստահուած է ձեզի եւ ի՞նչ առաջարկներ պիտի կատարէք այս խորհուրդին մէջ:

Եթէ ես ընտրական պայքարի պատնէշը յաղթահարեմ, անպայման որ ինծի առաջադրած կուսակցութեանս առաջարկած ծրագիրով պիտի ուղղորդուիմ, որուն մէջ տեղ կը գտնեն բնապահպանական լուրջ ծրագիրներ, քաղաքային, մաքրութեան հարցեր, նոյնպէս Հալէպ քաղաքը 21-րդ դարու արդիական քաղաք դարձնելու՝ վերանորոգման եւ շինարարական մեծ ծրագիր, որ մշակած են մեր կուսակցութեան քաղաքաշէն ճարտարապետները, մենք այս ծրագիրները պիտի ներկայացնենք նահանգային խորհուրդին, իսկ ես իբր անհատ, լուրջ պայքար պիտի մղեմ ծխելու դէմ եւ յատապէս  վտանգաւոր խմիչքներ օգտագործելու դէմ, որովհետեւ պատերազմի ընթացքին սուրիացի երիտասարդները այս «Power» կոչուած խմիչքներուն գերին դարձան, ես հիմնական ատոր դէմ պիտի պայքարիմ, որովհետեւ ատիկա առողջապահական առումով, ապագային լուրջ հարցեր պիտի առաջացնէ սրտանօթային համակարգերուն վրայ:

Մենք նոյնպէս վերանորոգուող ուժանիւթի մասին կ'ուզենք ծրագիրներ ներկայացնել ոչ միայն քաղաքին, այլ ամբողջ Հալէպ նահանգին, որովհետեւ Հալէպը շատ տուժեց այս պատերազմին ժամանակ, մենք չենք ուզեր ոեւէ մէկէն կախեալ ըլլալ, մեր արեւը մեզի կը բաւէ ինքնաբաւ ըլլալու համար, այսպիսի ծրագիրներ կ'ուզենք ներկայացնել :

 

-Խորհուրդը որեւէ կապ ունի՞ Հալէպի ժողովուրդի անմիջական կարիքներուն հետ, եթէ այո, ի՞նչ են այդ ոլորտները, այսինքն առօրէական խնդիրներ՝ ջուր, ելեկտրականութիւն, անվտանգութիւն եւայլն, այս առումով կը կարծէ՞ք որ խորհուրդին մէջ այսպիսի հարցեր պիտի քննարկուին:

Նահանգային խորհուրդը յատուկ աշխատանքային ոլորտ ունի, ինչպէս՝ հալէպցիներուն ապահովել վառելանիւթով, կազով, ջուրի եւ ելեկտրական ուժանիւթի անխափան եւ որակաւոր մատակարարումով,  այսինքն ինք որպէս քաղաքային խորհուրդ, կը ծառայէ քաղաքին եւ միաժամանակ նահանգին, իսկ նահանգային խորհուրդը  կը ծառայէ ամբողջ Հալէպ նահանգին, որ 60 000 քմ տարածութիւն ունեցող նահանգ է, իր գիւղերով եւ գիւղաքաղաքներով, եւ այս խորհուրդը կը զբաղի մարդոց անմիջական առօրեային հետ կապուած բոլոր տեսակի հարցերով:

 

-Յաճախ կը խօսուի որ Հալէպի մէջ հայութիւնը միասնակամ է, բայց յատկապէս այս ընտրութիւնները ցոյց տուին, որ հայութիւնը միասնական ճիգով մը պիտի չներկայանայ այս ընտրութիւններուն, կան անկախ ներկայացուցիչներ եւ կան նաեւ Բերիոյ թեմի կողմէ առաջադրուած ներկայացուցիչներ, ի՞նչ կ'ըսէք այս առումով:

Հայերը Հալէպի մէջ արդէն միասնական են, անկախ այս ընտրութիւններէն: Ընտրապայքարները իրենց յատուկ փիլիսոփայութիւնը, յատուկ մրցակցային վազքուղին ունին: Ես նախ եւ առաջ մեր բոլոր հայ վեց թեկնածուներուն յաջողութիւն կ'ուզեմ մաղթել, թող արժանին յաղթէ: Իսկ ինչ կը վերաբերի ինծի, ես նախ եւ առաջ այստեղ սուրիացի եմ եւ կուսակցական պատկանելիութիւն մը ունիմ, կուսակցական յենարան մը ունիմ  եւ պարտաւոր եմ կուսակցութեանս ներկայացուցած ծրագիրներուն հետամուտ ըլլալ, այդ ցուցակներէն մասնակցիլ: Բոլոր հայ թեկնածուները իմ ընկերներս կը նկատեմ, կը մաղթեմ բոլորն ալ լաւ աւարտ մը ունենան, յուսամ վեցերնիս ալ անցնինք եւ այդտեղ փոքր Հայաստան մը կազմենք: