image
Հրատապ լուրեր:

Բախումներ Խորենացի փողոցին վրայ

Բախումներ Խորենացի փողոցին վրայ

Այս պահուն բախումներ կը գրանցուին Խորենացի փողոցին վրայ: Ըստ նախնական վարկածներու անծանօթներ քարեր նետեցին ոստիկաններուն վրայ ու ապա ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազի սրուակներ նետեց հոն հաւաքուած ցուցարարներուն ուղղութեամբ:Ցուցարարները ստիպուած եղան հեռանալ տարբեր ուղղութիւններով եւ տարբեր լրատուամիջոցներով ցուցադրուող տեսանիւթերու մէջ երեւելի դարձաւ, որ դէպքին վայրը կան վիրաւորներ: Նշենք, որ իրադրութիւնը լարուած էր, երբ տեղեկութիւններ շրջան ըրին այն մասին, որ էրէբունի ՊՊԾ զօրակայանի մէջ եղող «Սասնայ ծռեր» խմբակին մօտ սնունդի պակաս առաջացած է: Խմբակի զինեալները տարբեր նկատառումներով մերժած են ոստիկանութեան կողմէ, իրենց տրամադրուած սնունդը եւ սնունդ պահանջած, միայն իրենց յայտնի խանութէ մը: Իրավիճակը կը շարունակէ մնալ լարուած: