Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Այնպէս կը թուի, որ շաբաթ չ՛անցնիր առանց հանդիպելու խորհրդաւոր մէկ այլ գրողի, որ պատուիրուած յօդուած չգրէ Ատրպէյճանի մասին եւ չվարկաբեկէ Հայաստանի եւ տարբեր հայերու հեղինակութիւնը:
Այսօրինակ վերջին գրողը Փիթըր Թէյզն է, որ 11 Յունիս 2018ին Eurasia Review կայքէջին մէջ տեղադրած է՝ «Ռուսիոյ օտար գործակալները Ամերիկայի մէջ. Թրամփի կապերը հայ լոպիիստներու հետ» խորագիրը կրող յօդուածը:
Այս խիստ կողմնակալ յօդուածը կը դիմէ չափազանցութիւններու եւ չհիմնաւորուած մեղադրանքներու՝ Հայաստանը եւ անհատ հայեր կապելու Ռուսիոյ, եւ որ առաւել զարմանալի է՝ նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ...
Նախ, Թէյզ կը խեղաթիւրէ իրանահայ Գէորգ Վարդանեանի գովասանքի արժանի գործողութիւնները Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ՝ զայն անուանելով «խորհրդահայ ամէնէն արդիւնաւէտ լրտեսներէն մէկը»: Իրականութեան մէջ, Վարդանեան վիթխարի ծառայութիւն մատուցած է ամբողջ աշխարհին՝ խափանելով Ստալինի, Չըրչիլի եւ Ռուզվելտի սպանութեան հիթլերեան ծրագրերը՝ 1943ին, Թեհրանի խորհրդաժողովին իբրեւ դաշնակիցներ անոնց հանդիպման ժամանակ: Թէյզ կը նուազեցնէ իր սեփական վարկանիշը՝ նշելով, որ ԿՀՎ (CIA)ի տնօրէն Սթանսֆիլտ Թըրնըր եւ գործակալութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաները վստահած են Վարդանեանի: Ինչո՞ւ անոնք պիտի վստահէին Վարդանեանի, եթէ ան վատ մարդ ըլլար...: Անհաւատալիօրէն, Թէյզ նոյնիսկ կը պնդէ՝ թէ ան կը կասկածի Վարդանեանէն, քանի որ վերջինս կը խօսէր հայերէն...
Այնուհետեւ Թէյզ կը քննադատէ ռուսական երկու լրագրողներ՝ Մարգարիտա Սիմոնեան եւ Գայեանէ Չիչակեան, որոնք կ՛աշխատին «Ռուսիան այսօր» հեռատեսիլի ընկերութեան մէջ: Անոնց միակ մեղքը այն է, որ «բարետես» կիներ են, եւ առանց որեւէ ապացոյցի Թէյզ զանոնք կը մեղադրէ՝ «շատ այլ ազդեցիկ «ռուս» գործակալներու պէս էթնիկ հայ ըլլալնուն համար»:
Յաջորդը Ռուսիոյ Պետական դումայի փոխ խօսնակ Արթուր Չիլինկարովն է, որուն վրայ Թէյզ կը յարձակի՝ հայ ըլլալուն համար: Չիլինկարովի մեղքը այն է, որ Մոսկուայի մէկ ճաշկերոյթի սրահին մէջ ան նստած եղած է նախագահ Վլադիմիր Փութինի կողքի սեղանին: Չիլինկարով մեծարուած է Խորհրդային Միութեան եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան կողմէ իբրեւ բեւեռախո՛յզ իր սխրանքներուն համար, այլ ոչ թէ հայ ըլլալուն պատճառով, ինչպէս կը յայտարարէ Թէյզ...
Հաւանաբար, Թէյզի յօդուածին ամէնէն անյաջող հատուածը կեղծ պնդումն է ամերիկահայ լրագրող Էմիլ Սանամեանի՝ «օտար գործակալ» ըլլալուն մասին։ Այս ամբողջութեամբ կեղծ մեղադրանք է։ Սանամեան ինծի ըսաւ, որ ինք ո՛չ հիմա, ոչ ալ անցեալին Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան բաժանմունքին մէջ արձանագրուած է իբրեւ «օտարերկրացի գործակալ»։ Յոյսով եմ, որ Սանամեան դատի կու տայ Փիթըր Թէյզը եւ անոր կայքը՝ իր հեղինակութեան վնաս հասցնելուն համար։ Հայկական ամէն ինչի նկատմամբ Թէյզի կոյր ատելութեան աստիճանը ցոյց տալով, յօդուածը կը մեղադրէ Սանամեանը՝ «Ամերիկացիները Արցախի համար» կազմակերպութեան համար աշխատելուն մէջ, կազմակերպութիւն մը, որ «ստեղծուած է օրինականացնելու պատերազմական յանցագործութիւնները եւ ռուսական զօրքերու աջակցութեամբ հայերու կողմէ ապօրինի գրաւումը, որ իրականացուած է անողոքաբար (Ուքրանիայէն եւ Վրաստանէն շատ առաջ, Ռուսիոյ իշխանութիւնը օգտագործեց հայ զինուորները՝ ինքնիշխան Ատրպէյճանի տարածքը գրաւելու, ձերբակալութիւններ իրականացնելու եւ Ատրպէյճանի արեւմտամէտ ուղղութիւնը խափանելու համար)։ Այս նախադասութեան մէջ ոչ մէկ ճիշդ բառ կայ։ Ռուսական իշխանութիւնները չեն օգտագործած հայ զինուորները։ Հայերը իրենք զիրենք ազատագրած են Ատրպէյճանի ճնշող ռեժիմէն, որ տասնամեակներ շարունակ զանգուածային ոճիրներ կը գործէր Արցախի հայերուն դէմ…: Իրականութեան մէջ, ռուս զինուորները աջակցած են Ատրպէյճանի եւ սպաննած՝ Արցախի բազմաթիւ անմեղ բնակիչներ։ Աւելին, «Ամերիկացիները Արցախի համար»ը եղած է շահոյթ չհետապնդող կազմակերպութիւն, որ ֆինանսաւորուած է ամերիկահայերու կողմէ։ Սանամեան ինծի ըսաւ, որ հոն աշխատած է իբրեւ անվճար աշխատող։ Բացի այս, երբ Սանամեան աշխատած է Ուաշինկթընի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան գրասենեակը, այդ կազմակերպութիւնը տակաւին չէր գրանցուած որպէս «օտարերկրեայ գործակալ» ԱՄՆ արդարադատութեան բաժանմունքին մէջ։ Առաւել՝ Թէյզ կեղծ պաշտօն յօրինած է՝ պնդելով, որ «Սանամեան իբրեւ ԼՂՀ հասարակայնութեան հետ կապերու գրասենեակի տնօրէն, պատասխանատու էր տեղեկատուական պատերազմներու եւ քարոզչութեան համար»։
Թէյզի յօդուածին մէջ կան նաեւ շարք մը այլ անճշդութիւններ, որոնք ցոյց կու տան անոր գիտելիքներու բացակայութիւնը՝ հայկական հարցերու վերաբերեալ: Օրինակ, Թէյզ կը գրէ, որ Հայաստան անկախացած է «Խորհրդային Ռուսիայէն»՝ Խորհրդային Միութեան փոխարէն։ Երկրորդ անհեթեթութիւնը՝ Թէյզի մեկնաբանութիւնն է Սերժ Սարգսեանի լուսանկարի վերաբերեալ, ուր Սարգսեան կ՛երեւի Թրամփի եւ անոր տիկնոջ հետ, Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿի շէնքը։ Թէյզ այդ լուսանկարը կը վերագրէ ամերիկահայ համայնքի լոպիիստական ջանքերուն։ Սակայն, լոպիինկի անհրաժեշտութիւն երբեք ալ չկար։ Եթէ Թէյզ փոքր ինչ հետազօտութիւն մը ընէր, ապա կը յայտնաբերէր մէկ այլ լուսանկար, ուր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն էր նախագահ Թրամփի եւ անոր տիկնոջ հետ ՄԱԿի մէջ, ինչպէս նաեւ կային բազմաթիւ այլ պետութիւններու ղեկավարներու հետ լուսանկարներ։ Մէկ այլ դիտաւորեալ խեղաթիւրում Թէյզի կողմէ այն է, որ Սանամեանի կինը՝ Լոնտոնի քաղաքային համալսարանի Cass Business Schoolի շրջանաւարտը, 2012ին եղած է համալսարանի գլխաւոր «նուիրատուներէն եւ հովանաւորներէն» մէկը։ Թէյզ չի նշեր, որ Սանամեանի կինը թուարկուած է աւելի փոքր՝ 1000 տոլարէն նուազ դասակարգի մէջ, բան մը, որ զայն չի դարձներ գլխաւոր նուիրատու:
Թէյզի յաջորդ յարձակումը հայերու վրայ՝ անոնց ենթադրեալ կապն է նախագահ Թրամփի հետ։ Ահա հոս է, որ Թէյզ թոյլ կու տայ իր ամէնէն անհեթեթ մեղադրանքը։ Իրականութեան մէջ, դժուար թէ ըլլայ հայ մը, որուն կը ճանչնայ նախագահ Թրամփ, ուստի Թէյզ կը հնարէ երեւակայական կապեր։ Թէյզ նոյնիսկ կը համարձակի խեղաթիւրել 2016ին գրած յօդուածս՝ «Հայերը պէտք է կապ հաստատեն Թրամփի հետ՝ Գոնկրեսի մէջ իրենց հանրապետական կողմնակիցներուն միջոցով» վերնագրով։ Եթէ Թէյզ ազնիւ լրագրող ըլլար, ան մէջբերում կ՛ընէր իմ յօդուածէս, ուր կ՛ըսուի. «նորընտիր նախագահին հետ հայ-ամերիկեան կապեր գործնականին մէջ գոյութիւն չունին»։
Թէյզ նաեւ կը խեղաթիւրէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանի յայտարարութիւնը, ուր ան կ՛առաջարկէ աշխատիլ նորընտիր նախագահին հետ: Այդ նախադասութեան մէջ չկայ որեւէ նշում՝ ամերիկահայերու եւ Թրամփի միջեւ առկայ կապերու մասին։ Այլ բան չունենալով ներկայացնելու, Թէյզ առաջ կը քաշէ Էնտի Սուրապեանի բոլորովին անյայտ անունը՝ իբրեւ «ուրիշ հայ մը, քաղաքական գործիչ, Թրամփի Սպիտակ տան խորքը»։ Սուրապեան կը նկարագրուի՝ իբրեւ «Սթիւ Պենոնի քաղաքական խորհրդական Թրամփի վարչակարգին մէջ եւ քարոզչութեան վեթերան»։ Ի դժբախտութիւն Թէյզի՝ ոչ Պենոն, ոչ ալ Սուրապեան կը շարունակեն աշխատիլ Սպիտակ տան մէջ։
Թէյզ այնուհետեւ կը նշէ Քէյթ Նահիկեանի անունը՝ իբրեւ «ամենայն հաւանականութեամբ, հայկական սփիւռքի ամէնէն ազդեցիկ եւ բարձրաստիճան անդամ եւ արձանագրուած լոպիիստ, կապուած Թրամփի քարոզարշաւին հետ … որ կոչուած էր գլխաւորելու Թրամփի անցումային խումբը, 2017 թուականին»։ Սա ուշադրութիւն շեղող եւս մէկ հնարք է։ Նահիկեան կապ չունի հայ համայնքին հետ։ Երկու տարի առաջ ես անոր ելեկտրոնային նամակ մը ուղարկած էի եւ մինչ օրս կը սպասեմ անոր պատասխանին։ Ահա՛ թէ որքան մօտ է Նահիկեան հայ համայնքին:
Թէյզ վաղաժամօրէն կ՛ակնարկէ՝ գոնկրեսական Տենի Թարքանեանի (հանրապետական, Նեւատա)՝ իբրեւ «հայկական լոպիի անդամ, նախագահ Թրամփի մօտ մուտք ունենալու հնարաւորութեան» մասին։ Եթէ Թարքանեան Նոյեմբերին յաղթէ, միայն այն ատեն կրնանք որոշել, թէ ան իր կապերով որքա՞ն մօտիկ պիտի ըլլայ Սպիտակ տան։
Անհաւատալիօրէն, Թէյզ կը նշէ Քիմ Քարտաշեանը՝ իբրեւ «տնային-փոռնօ-թուիթըր լոպիիստ», որ բազմաթիւ առիթներով հանդիպած է Թրամփի հետ, վերջին անգամ՝ 2018ի Մայիսին»՝ յաջողութեամբ նախագահ Թրամփի կողմէ ներում ապահովելով ցմահ դատապարտուած բանտարկեալ (ոչ հայ) պառաւի մը համար։ Թէյզ աւելի համոզիչ կ՛ըլլար, եթե Քարտաշեան խնդրանք ներկայացուցած ըլլար Թրամփի՝ հայկական որեւէ հարցի վերաբերեալ։ Սակայն չէ եղած որեւէ կապ՝ իբրեւ «հայ լոպիիստ» Քարտաշեանի եւ նախագահ Թրամփի միջեւ:
Թէյզ կեղծօրէն կ՛եզրափակէ իր անհիմն եւ ամօթալի յօդուածը, նշելով՝ «այս լայն ու խոր կապերը ներկայ անփորձ նախագահի եւ անոր քարոզարշաւին հետ, կը ստեղծեն ազգային անվտանգութեան հաւանական հետեւանքներ եւ արժանի են մեծ ուշադրութեան՝ երաշխաւորելու, որ Փութինի շարունակուող միջամտութիւնը հայրենի Միացեալ Նահանգներու մէջ, կը փշրուին եւ ձախողութեան կը մատնուին»։
Չեմ կարծեր, որ Թրամփ Փութինի հետ կապեր հաստատելու համար ամերիկահայերու կարիքը ունի։ Հակառակ Թէյզի անհիմն մեղադրանքներուն՝ նախագահ Թրամփ երկար ժամանակ ուղիղ կապ ունեցած է Քրեմլինի հետ եւ ոեւէ մէկուն օգնութեան կարիքը չունի:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան