Ռուսիոյ կողմէ հայկական գիւղատնտեսական արտադրանքի որոշ տեսակներու ներմուծման սահմանափակումները որպէս «պատժամիջոցներ» ներկայացնելը իրականութեան չի համապատասխաներ։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինը։
Անոր խօսքով՝ Հայաստանի շարք մը պաշտօնեաներ եւ լրատուամիջոցներ այդ սահմանափակումները կը ներկայացնեն որպէս Ռուսիոյ կողմէ կիրառուող «պատժամիջոցներ», մինչդեռ Մոսկուայի դիրքորոշմամբ՝ անոնք կապուած են բուսասանիտարական վերահսկողութեան պահանջներուն հետ։
Կալուզին նշած է, որ ռուսական կողմը մշտապէս ուշադրութիւն դարձուցած է բուսասանիտարական վերահսկողութեան։ Անոր խօսքով՝ պահանջները կը ներառեն հայկական արտադրողներու կողմէ սեփական հումքի օգտագործումը, թունաքիմիկատներու նկատմամբ վերահսկողութիւնը եւ մատակարարումներու հետագծելիութեան ապահովումը։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը նաեւ նշած է, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը աւելի վաղ ընդունած է որոշ ապրանքներու որակի հետ կապուած խնդիրներու առկայութիւնը։
Աւելի վաղ «Ռոսսելխոզնազօրը» յայտնած էր, որ Յունիս 12-էն կը սահմանափակէ Հայաստանէն հսկողութեան ենթակայ արտադրանքի ներմուծումը, ինչպէս նաեւ անոր տարանցումը Ռուսիոյ տարածքով դէպի ԵԱՏՄ անդամ երկիրներ։ Ծառայութեան ղեկավար Սերկէյ Տանքվերթը սահմանափակումները պայմանաւորած էր արտադրողներու մօտ որակի արդիւնաւէտ վերահսկողութեան բացակայութեամբ։